2014-11-27 12:01:29

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը կրօնաւորական կեանքի ժողովի լիանիստ հաւաքի մասնակիցներուն` ''մի վախնաք նորութիւններէն''։


(Ռ.Վ. ) Նոյեմբեր 25-29, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Նոր գինին նոր տիկերու'' մէջ բնաբանով` Կրօնական եւ առաքելական Կեանքի հաստատութիւններու ժողովի լիասնիտ հաւաքը, յառաջիկայ 30 նոյեմբերին սկիզբ առնող, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած ''Կրօնաւորական Կեանքի'' տարւոյն նախօրեակին։
Վերոյիշեալ հաւաքին առթիւ` հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովականներուն ու անոնց արտասանած ճառին մէջ մատնանշեց ընտրուած նիւթին խոր իմաստին, ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի բերած նորութիւններուն եւ սատարին կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններուն ի նպաստ։
Ան ապա բաղդատութիւններ կատարեց ''նոր գինիի'' եւ ''նորոգուած կենցաղի'' միջեւ յանձնարարելով վախ չունենալ Եկեղեցւոյ կառոյցներն ու սովորութիւնները նորոգութեան ենթարկելէն, երբ անոնք չեն համապատասխաներ Աստուծոյ մեզի յանձնած առաքելութեան` իր Արքայութիւնը հռչակելու աշխարհին մէջ։
Կառոյցները- ըսաւ Քահանայապետը – մեզի անհնար պաշտպանութիւն կու տան եւ կը պայմանաւորեն սիրոյ ընթացքը։ Սովորութիւնները շատ անգամ մեզ կը հեռացնեն հօտէն ու արգելք կը հանդիսանան ունկնդրելու աղաղակն անոնց որ կը սպասեն Յիսուս Քրիստոսի Բարի Աւետիսը։
Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց ներկաները յարատեւելու մշտատեւ ներքին նորոգումի ուղղութեամբ, հաւատարիմ մնալով իրենց ''խարիզմին'' ու առաջնահերթ կարգի վրայ դնելով ծառայութիւնը ու յատկապէս ամենայետիններուն հանդէպ ուշադրութիւնը։
Հին տիկերու փոխանակումը նոր տիկերով յանձնառում կը պահանջէ, որպէսզի պատշաճ միջավայր մը ստեղծուի Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներու ընկալումին համար որ կը շարունակէ նորոգել եւ գեղեցկացնել իր հարսը` Եկեղեցին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց` ''չմոռնալ շնորհակալութիւն յայտնել այգիին Տիրոջ` որ ձեզ կանչեց այս իւրայատուկ աշխատանքին։
Ձեր հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Կրօնաւորական տարւոյն նախօրեակին, աղօթենք Տէրը միասնաբար, որպէսզի մեզ օգնէ այս տարուան ընթացքին նոր գինին զետեղելու նոր տիկերու մէջ` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ճառը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.