2014-11-27 08:35:33

Ֆրանչիսկոս Պապին 6-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը Թուրքիա։


(Ռ.Վ. ) 25 նոյեմբերին Սդրապուրկ կատարած միօրեայ առաքելական այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի կատարել իր միջազգային 6-րդ ճամբորդութիւնը որ նախատեսուած է` 28 – 30 նոյեմբեր` դէպի Թուրքիա։
Երեք օր տեւող ճամբորդութիւնը կը յատկանշուի համամիութենական երկխօսութեան ընթացքով, Քրիստոնեայ - Իսլամ միջ-կրօնական երկխօսութեամբ եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ համայնքին հանդէպ մօտիկութեամբ։
Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ միջ-ծիսական արարողութիւն մը որուն կը մասնակցին Թուրքիոյ չորս կաթողիկէ համայնքները` Քաղդէացիները, Ասորիները, հայ կաթողիկէները եւ լատինները։
Ճամբորդութեան առաջին օրը յատկացուած է Անգարային ու քաղաքական պաշտօնական այցելութիւններուն մինչ երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Իսթանպուլ ուր հանդիպումները կը յատկանշուին համամիութենական բնոյթով։
Իր կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան հանդիպումներ կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ի հետ, որուն հետ միասին, ճամբորդութեան աւարտին, պիտի ստորագրէ նաեւ միացեալ յայտարարութիւն մը։
Թուրքիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ չորս պաշտօնական ճառեր։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապի նախորդներէն Երանելի Պօղոս Զ (25-26 յուլիս 1967-ին), սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (28-30 նոյեմբեր 1979) եւ Պենետիկտոս ԺԶ ( 28 նոյ. 1 դեկտ. 2006) քահանայապետերը այցելած են Թուրքիան, մինչ Յովհանէս ԻԳ քահանայապետը տասը տարիներ ամբողջ պաշտօնավարած է Թուրքիոյ մէջ որպէս առաքելական պատուիրակ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այս ճամբորդութիւնը կա հանդիսանայ Քահանայապետի մը չորրորդ ճամբորդութիւնը թուրքիա, 47 տարիներ ետք Քահանայապետի մը թուրքիա կատարած առաջին այցելութենէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.