2014-11-27 08:53:17

Ս. Ստեփանոս նախավկային գերեզմանը յայտնուած է Պաղեստինի Ռամալլա քաղաքաին մէջ։


(Ռ.Վ. 27 նոյեմբեր 2014) Հրեա-պաղիստինցի հնախօսներու խումբ մը յայտնած է որ Ս. Ստեփանոս նախավկային գերեզմանը յայտնաբերած է Անդրյորդանանի Ռամալլահ շրջանին մէջ։
Պաղեստինցի հնախօս Սալահ Հիւսէյն` տնօրէնը` ''Խիրպէթ էլ Թիրէ'' հետազօտկան կեդրոնին, տեղւոյն մամուլին մատնանշած է որ շատ մը նշաններ ցոյց կու տան Ս. Ստեփանոս նախավկային թաղման վայրը։
Յայտնենք որ Ս. Ստեփանոս նախավկան քարկոծուած մեռաւ սանետրիցիներու ձեռքով, որոնք 35 թուականին զայն ներկայացուցին Երուսաղէմի հրեայ ատեանին։
Պեղումները կատարուեցան նախաձեռնութեամբ պաղեստինի Ալ Քուտս համալսարանին, որուն աշխատանքները կեդրոնացուած են բիւզանդական կարեւոր համալիրի մէջ, ուր կը գտնուին եկեղեցի մը եւ վանատուն մը։ Հնախօսները պեղումներու ընթացքին գտած են յուշաքար մը որու վրայ փորագրուած է որ եկեղեցին կառուցուած է ի յիշատակ եւ ի պատիւ Ս. Ստեփանոս նախավկային։








All the contents on this site are copyrighted ©.