2014-11-27 09:12:57

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի ելոյթը Վատիկանի հեռուստակայանէն`ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան նշանակութեան մասին։


''Քրիստոնեաները երկխօսութեան կամուրջ մըն են իսլամ աշխարհին հետ''։

(Ռ.Վ. ) Ուրբաթ 28 Նոյեմբեր 2014 սկիզբ կ’առնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին վեցերորդ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի թուրքիա։ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան նպատակն է մասնակցիլ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան, եղբայրը ս. Պետրոս առաքելապետին։
Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին` Վատիկանի հեռուստատեսիլին հետ ունեցած ելոյթով լուսաբանութիւններ ներկայացուց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան մասին։
Քահանայապետը թուրքիա կ’այցելէ նախ եւ առաջ գօտեպնդելու բարեկամութեան, համագործակցութեան ու երկխօսութեան կապերը քոյր եկեղեցիներու միջեւ։ Միաժամանակ յայտնելու իր մտահոգութիւնը հանդէպ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եղբայրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ ու իրենց հաւատքին համար կը հալածուին։
Հետեւաբար Սրբազան Քահանայապետը նախ եւ առաջ պիտի դիմագրաւէ միջ-կրօնական երկխօսութեան հարցը (հարկաւոր է դատապարտել կրօնքի շահագործումը` յանուն Աստուծոյ արդարացնելու տմարդի բռնութիւնները)։ Բնականաբար լուծումները փնտռուելու է տեղական գետնի վրայ։ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Թուրքիա եւ այդ աշխարհամասին մէջ, կը մղէ Կաթողիկէ Եկեղեցին հակառակ պէսպէս դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու երկխօսութիւն հաստատել իսլամ աշխարհին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.