Հայկական Լաւաշը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական
ցանկի մէջ։
Նոյեմբեր 26-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան
պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում կայացուած
է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին
մէջ ներառել Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը
եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» դիմումը: 2013թ. ներկայացուած դիմումը
անցած է համաձայնագրով սահմանուած ընթացակարգային փուլերը` ստանալով փորձագիտական դրական
եզրակացութիւն։ Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան
ներկայացուցչական ցանկը համալրուեցաւ հայկական եւս մէկ` չորրորդ մշակութային արժէքով:
Դիմումը
պատրաստուած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան
եւ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի կողմէն։