2014-11-27 09:20:10

Իսրայէլեան կառավարութիւնը կը վաւերացնէ ծրագիր օրէնքը սահմանելով Իսրայէլը որպէս ‘’հրէական Ազգային պետութիւն’’։


(Ռ.Վ. 27 նոյեմբեր 2014) Իսրայէլի կառավարութիւնը վաւերացուցած է ծրագիր օրէնք մը որ Իսրայէլը կը սահմանէ որպէս ‘’Հրէական Ազգային պետութիւն մը’’ (15 նպաստաւոր եւ 7 հակառակ)։ Տեղական եկեղեցիները մտահոգ ու վերապահութեամբ կը հետեւին այս նոր օրէնքին յեղաշրջումին փոքրամասնութիւններու իրաւունքին պաշտպանութեան ի խնդիր։
Ս. Երկրի Պահակը` ֆրանչիսկեան հայր Փիէպաթթիսթա Փիցցապալլան-ին համար այս ծրագիր օրէնքը իրարմէ պիտի հեռացնէ հրեայ, մահմետական ու քրիստոնեայ հասարակութիւնները եւ պիտի խորացնէ անվստահութիւնը պետութեան ու հրէական հասարակութեան հանդէպ։ Այս նոր օրէնքով արաբ քաղաքացիները իրենք զիրենք պիտի զգան որպէս երկրին հիւրերը։
Որպէս տեղական եկեղեցիներ` ընդգծեց ֆրանչիսկեան հայր Փիցցապալլան, մօտէն կը հետեւինք թէ ինչպէս դէպքերը պիտի յեղաշրջուին։ Մեր միակ մտահոգութիւնն է փոքրամասնութիւններու իրաւունքին պաշտպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.