2014-11-26 09:04:03

Ֆրանսացի եպիսկոպոսները իրենց մէկ յայտարարութեան մէջ կը մատնանշեն որ վիժումը հիմնական իրաւունք մը չէ։


(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 26 Նոյեմբեր 2014-ին, ֆրանսայի ազգային ժողովը կանչուած է քուէարկելու վճիռ մը որ կը նպատակադրէ վերահաստատել վիժումի հիմնական իրաւունքը ֆրանսայի ու Եւրոպայի մէջ, ինչպէս նաեւ կիներու տիեզերական իրաւունքը` ազատօրէն կարգաւորելու իրենց մարմինը, յառաջադէմ ընկերութեան մէջ։
ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասը իր հակառակութիւնը յայտնած է քուէարկութեան հրապարակային յայտարարութիւն մը միջոցաւ որուն մէջ կը մատնանշէ որ ''վիժումը չի կրնար նկատուիլ որպէս հիմնական իրաւունք, քանի կը մերժէ կեանքի իրաւունքը, մարդկային այլ էակներու, անոնց գոյութենէն ու աճումէն սկսեալ''։
Բնականաբար, կը կարդանք ֆրանսայի եպիսկոպոսական յայտարարութեան մէջ, ամէն անհատ կանչուած է ճանչնալու ու պաշտպանելու իգական ազատութիւնը եւ մարդու ու կնոջ միջեւ պատշաճ հաւասարութիւնը։ Հարցը ուրիշ է։ Պետութիւնը ո՞ր ազատութեան մասին կը խօսի։ Երբ կը կարդանք պատմութիւնը վիժում կատարած կիներուն, հարկաւոր է ճանչնալ անոնց անձկութիւնները, ճնշումները, տառապանքը, գործուած ծանրակշիռ արարքէ մը եճք որ որոշ կիներու համար կը դառնայ ճշմարիտ դժոխք մը։ Բազմաթիւ են այն ընկերաբանները, հոգեբանները որոնք կը ճանչնան նման ցաւալի պարագաներ։
Հարկաւոր է աշխատիլ որ յղութիւնը չնկատուի որպէս նախայարձակում մը ու հետեւաբար վիժումը համարել որպէս արդարացի պաշտպանութիւն մը անմեղ նախայարձակումի մը դէմ, մինչ ծնանելիքը լոկ անմեղ էակ մըն է - գրած են Ֆրանսացի եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.