2014-11-26 11:23:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին ուխտաւոր դէպի Երկնքի Արքայութիւն''։


(Ռ.Վ. 26 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 26 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները` Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Եկեղեցւոյ մասին որպէս ուխտաւոր դէպի Երկնքի Արքայութիւն։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Եկեղեցին ներկայացնելով ժամանակակից մարդոց Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը ներկայացուց հիմնական ճշմարտութիւն մը. ''Եկեղեցին շարունակական ուղեւորութեան մէջ է դէպի վերջնական նպատակ` Երկնքի Արքայութիւն, որուն երկրի վրայ ծիլը Եկեղեցին է։ Մենք չենք գիտեր երբ վերջ պիտի գտնէ մարդկութիւնն ու երկիրը եւ ոչ ալ տիեզերքի յեղաշրջումի ձեւը։ Սակայն գիտենք թէ Աստուած մեզի համար կը պատրաստէ խոստացուած երկիր մը ուր կը բնակի արդարութիւնը եւ ուր մեր խաղաղութեան ու երջանկութեան իղձերը պիտի իրականանան։ Այս հեռանկարով գեղեցիկ է մտաբերել այն պատկերը թէ ինչպէս շարունակականութիւն մը եւ հաղորդութիւն մը կայ Երկնային Եկեղեցւոյ եւ երկրի վրայ ճանապարհորդ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Այս առընչութեամբ մեր փրկութեան եւ այդ երջանկութեան մասնակցելու որոշիչ տարրը` մեր Քրիստոսին պատկանելիութիւնն է, քանզի բոլոր անոնք որ Իրեն կը պատկանին, կենդանի կամ ննջեցեալ, իրարու միացած են` Սուրբերը Երկինքէն մեզի թիկունք կը կանգնին, մեզի համար կը բարեխօսեն եւ մենք մեր կարգին կ՛աղօթենք թեթեւցնելու համար հոգիներն անոնց որոնք կը սպասեն յաւերժական երանութիւնը։
Առ աւելին, համայն արարչագործութիւնը կանչուած է ազատագրուելու չարէն եւ մահէն այն ատեն երբ Աստուած ամէն բան պիտի հասցնէ` գոյութեան, ճշմարտութեան եւ գեղեցկութեան լիութեան։ ''Այս է Հօր Աստուծոյ, Որդոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն ծրագիրը'', ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները հայցել Մարիամ Աստուածածնայ` Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի հսկէ մեր ճանապարհին վրայ ու մեզի օգնէ ըլլալու Իրեն նման` ուրախութեան, վստահութեան եւ յոյսի նշաններ, մեր եղբայրներուն համար։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն, ակնարկելով յառաջիկայ Կիրակի օրը սկսող յիսնակաց շրջանին։
Սիրելի երիտասարդներ, Փրկիչին գալստեան սպասումը ձեր սրտերը ուրախութեամբ լեցնէ, դուք սիրելի հիւանդներ մի յոգնիք պաշտելու Տէրը որ կու գայ նոյնիսկ տառապանքի պահերուն եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ սորվեցէք սիրել օրինակով Անոր որ սիրոյ համար մարդացաւ մեր փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.