2014-11-26 09:41:12

Ճատրակի ամենափոքր գերվարպետ Սամուէլ Սեւեանը


Ամերիկահայ 13-ամեայ ճատրակի վարպետ Սամուէլ Սեւեան հանդիսացաւ Սէյնթ Լուիսի ճատրակի մրցաշարքի ախոյեանը՝ մրցանքի նախավերջին հանգրուանին ապահովելով անյաղթահարելի արդիւնք մը։ Արդարեւ, ան 8 խաղերու ընթացքին ապահոված էր 7 կէտ ու 2 կէտերով առաւելութիւն արձանագրած՝ իր մրցակիցին նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը:
Այս մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանին իսկ, Սամուէլ Սեւեանի անհատական վարկանիշը անցած էր 2500 կէտի սահմանը՝ վերջնականապէս ի զօրու դարձնելով Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի այն որոշումը, թէ հայ պատանին այսուհետեւ գերվարպետի տիտղոսին արժանի է։
Սեւեան այսպիսով հանդիսացած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ճատրակի ամենափոքր տարիքի գերվարպետը՝ այդ իրագործումին հասնելով 13 տարի, 10 ամիս ու 27 օրէն, ինչ որ Ռէյ Ռապսընի հաստատած նախորդ մրցանիշէն կանուխ է աւելի քան մէկ տարիով։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին կան մօտաւորապէս 1450 ճատրակի գերվարպետներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.