2014-11-25 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՝այցելէ Եւրոխորհրդարան


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 25 նոյեմբեր 2014-ին, յաւարտ Սդրազպուրկի մէջ գտնուող Եւրոխորհրդարանին տուած այցեութեան, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի կեդրոնատեղին։
Նորին Սրբութեան դիմաւորեցին Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` տիար Թորպժորն Ժակլանտ ինչպէս նաեւ խորհուրդի պատկանող բարձրաստիճան քաղաքական անձնաւորութիւններ։
Անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընկերացող պաուտիրակութեանմ միջեւ ներկայացում, ապա հանդիպում ընդմէջ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի եւ Նորին Սրբութեան։
Առանձնական հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց բարձրաստիճան հիւրերու ոսկեմատեանը եւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։
Ժամը 12.35-ին , Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ, այս առթիւ կազմակերպուած, Եւրոպայի Խորհուրդի լիանիստ ժողովին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին խորհուրդի 150 անդամներ, 47 երկիրներու հիւպատոսներ ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը ուղղեց Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց ներկաներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.