2014-11-24 10:10:38

Վերջին հրաժեշտ՝ նահատակ օդաչուներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի Նոր-Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ 24 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ջախջախուած ուսումնավարժական ուղղաթիռի օդաչուներու հոգեհանգիստի արարողակարգը, քաղաքացիական եւ զինուորական հրաժեշտի արարողութիւնը: Հոգեհանգստեան կարգը մատուցած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.: Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանն ու Մովսէս Յակոբեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ:
Օդանաւորդութեան զօրամասի ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ, սպայ Վաչագան Ստեփանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ կը ճանչնար օդաչուները. «Սերգէյը հոյակապ անձնաւորութիւն էր՝ բարձր ինտելեկտով օժտուած: Լէյտենանտ Սարգիս Նազարեանը նոյնպէս շատ խելացի, իր գործին նուիրուած մարդ էր, աւարտել է աւիացիոն ինստիտուտը կարմիր դիպլոմով, իսկ Ազատի երազանքն էր մասնակցել զօրավարժութիւններին», յայտնած է ան:
Օդանաւորդութեան զօրամասի սպայ Գոռ Ղազարեան եւս յայտնած է, որ Սերգէյ Սահակեանին հետ ծառայած է 19 տարի. «Կիսել ենք մեր ծառայութեան բոլոր դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները: Ծանր է խօսել Ազատի ու Սարգիսի միասին, երկուսն ել երիտասարդ, կարգապահ, բանիմաց սպաներ էին: Առանձնապէս ուրիշ սպասելու բան էլ չկայ Սաֆարովի նման ստահակին հերոսացնող պետութիւնից: Նրանք մէկ անգամ չէ, որ իրենց դէմքը ցոյց են տուել: Անձամբ մեր զօրամասի անունից տղերքին խօսք ենք տալիս, որ իրենց փայ երկնակամարին տէր ենք լինելու: Թող Հէյտարի թոռնիկներն էլ իմանան, որ արծիւները լեռներում են ծնւում: Հատուցումն էլ այն բաժինն է, որ ստանալու են շատ սառը ու ժամանակին: Սա այն հակամարտութիւնն է, որը պսակուելու է միայն ու միայն մեր յաղթանակով»:
Նոյեմբեր 25ին՝ ժամը 13։00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), զոհուած օդաչուներուն աճիւնները Սուրբ Սարգիս եկեղեցիէն պիտի տեղափոխուին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Նոյն օրը ժամը 14։00ին սգոյ հաւաք պիտի կատարուի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ եւ յուղարկաւորութիւն՝ զինուորական արարողակարգով:







All the contents on this site are copyrighted ©.