2014-11-25 12:35:43

Սդարզպուրկի Եւրոխորհրդարանին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին արտասանած ճառը ։


Բոլոր Եւրոպացիներուն յոյսի եւ քաջալերանքի պատգամ։

(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2014-ին, Սդրազպուրկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Եւրոխորհրդարանի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահած ընդունելութեան համար նշելով թէ ''26 տարիներ անցան երբ 11 հոկտեմբեր 1988-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը այցելեց Եւրոխորհրդարանը։ Մինչ այդ աշխարհը բոլորովին փոխուեցաւ, դարձաւ աւելի զօդուած եւ համապարփակ ու նուազ Եւրոկեդրոնացած։ Եւ աւելի ընդարձակ եւ ազդու Միութեան մը կից` կարծէք յայտնուած է աւելի ծեր եւ թանձրացած Եւրոպա մը''։
Այսօր - շարունակեց Քահանայապետը - Իմ խօսքս ուղղելով ձեզի, մեկնելով իմ Հովիւի կոչումէս, կ՛ուզեմ բոլոր Եւրոպայի քաղաքացիներուն ուղղել յոյսի եւ քաջալերանքի պատգամ մը։
Յոյսի պատգամ մը հիմնուած այն վստահութեան վրայ` թէ դժուարութիւնները կարող են հանդիսանալ խթան մը զօրեղ միութեան` յաղթահարելու համար բոլոր այն վախերը զոր Եւրոպան , համայն աշխարհին հետ միասին, կը դիմագրաւէ։ Յոյս` Տիրոջ վրայ, որ չարը բարի կը դարձնէ եւ մահը կեանք։ Ու ապա քաջալերանք որպէսզի վերադառնաք Եւրոպայի միութեան հիմնադիր հայրերուն կայուն այն համոզումին` որոնք կը ցանկային ապագայ մը` հիմնուած միասին աշխատելու կարողութեան վրայ, յաղթահարելու համար բաժանումները եւ յառաջացնելու խաղաղութիւնն ու հաղորդութիւնը բոլոր ցամաքամասի ժողովուրդներուն միջեւ։ Քաղաքական ծրագիր մը որուն կեդրոնը զետեղուած է մարդ անհատը, ոչ պարզապէս որպէս քաղաքացի, կամ տնտեսական ենթակայ , այլ որպէս անձ մը` յատկանշուած անսահման արժանապատուութեամբ։
Այսօր – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը– մարդու իրաւունքը կը գրաւէ կենդրոնական եւ արժանաւոր տեղ մը` Եւրոպայի Միութեան յանձնառութեան մէջ, սակայն տակաւին կան իրադարձութիւններ ուր մարդ արարածները նկատուած են որպէս իրեր, որոնց համար ծրագրել յղացում, կազմաձեւ եւ օգտակարութիւն, այնուհետեւ անտեսել` երբ այլեւս անհրաժեշտ չեն, որովհետեւ տկար, հիւանդ կամ ծեր դարձած են։ Գոյութիւն ունին նաեւ իրավիճակներ` ուր կարելի չէ ազատօրէն արտայայտել անձնական գաղափարը եւ առանց պարտադրանքի դաւանիլ կրօնական հաւատքը։
''Ո՞րն է արժանապատուութիւնը այն մարդուն որ կարող չէ ուտեստեղէն ապահովել ապրելու համար'' հարց տուաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''եթէ իւրաքանչիւրի իրաւունքը ներդաշնակօրէն չէ կարգաւորուած մեծագոյն բարիքին համար կը բեղմնաւորուի առանց սահմանափակումի եւ կը դառնայ հակամարտութեան եւ բռնութեան աղբիւր''։
Մարդու գերազանց արժանապատուութիւնը կը վերաբերի անոր բնութեան` այն ''կողմնացոյցին'' որ արձանագրուած է մեր սրտերուն մէջ եւ զոր Աստուած դրոշմեց ստեղծուած տիեզերքի մէջ - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով թէ ''Հարկաւոր է նախ եւ առաջ նայիլ մարդուն որպէս յարաբերուող էակ'' ու մատնանշելով թէ ''Եւրոպայի մէջ այսօր գոյութիւն ունի առանձնութեան տարածուն հիւանդութիւն մը որ կը ծանրանայ տնտեսական տագնապի հետեւանքով եւ որ քաղաքացիներուն մէջ կը յառաջացնէ անվստահութիւն հանդէպ քաղաքական իշխանութիւններուն որոնք հեռու կը նկատուին։ Կայ նաեւ առ հասարակ ''յոգնութեան եւ ծերութեան'' նշան մը Եւրոպայի մը, որ կորսնցուցած է աշխուժութիւնը եւ դարձած է ամուլ։ Այն բարձր իտէալները որոնք Եւրոպան ներշնչած են կարծէք կորսնցուցին իրենց գրաւիչ ոյժը յօգուտ իշխանութիւններու վարչաքաղաքական մեքենայութիւններուն ուրոնց համար մարդը դարձած է լոկ ենթակայ որ կարելի է օգտագործել կամ անտեսել առանց տատամսումի։
Ի՞նչպէս յոյս ներշնչել ապագային – հարց տուաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը – մատնանշելով Եւրոպայի միութեան, խաղաղութեան եւ անոր ստեղծագործ եւ նախաձեռնող յանձնառումին` ի սպաս աղքատներուն ու անոնց իրաւունքին։ Եւրոպա մը որ կարող չէ բացուիլ կեանքի վերացական չափանիշին Եւրոպա մըն է որ կը կորսնցնէ իր ''մարդկայնական հոգին'' ու մարդու կեդրոնականութիւնը հաստատեց Սրբազան Հայրը շեշտելով թէ ''Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն հիմնական ժառանգութիւն մը նուիրեց ցամաքամասի ընկերամշակութային կազմաւորումին համար այլեւ մտադիր է` այսօր եւ ապագային, իր սատարը տալ անոր բարգաւաճումին ի սպաս։ Այս սատարը վտանգ մը չի հանդիսանար Պետութիւններու աշխարհականութեան ու Եւրոմիութեան իշխանութիւններուն` այլ հարստութիւն մըն է որ կը համապատասխանէ օժանդակութեան եւ փոխադարձ համերաշխութեան սկզբունքին. ''Մարդաբանութիւն կեդրոնացած մարդու արժանապատուութեան յարգանքին վրայ'', յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ապահովեցնելով այս ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկխօսութեան տրամադրութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց բազմաթիւ անարդարութիւններուն եւ հալածանքներուն որոնք կը հարստահարեն կրօնական փոքրամասնութիւնները, ու յատկապէս քրիստոնեաները, աշխարհի զանացան վայրերուն մէջ։
Եւրոպայի կարգախօսը –ըսաւ հուսկ Քահանայապետը – ''Զանազանութեան մէջ Միութիւն'' է, որ չի նշանակեր քաղաքական միատեսակ քաղաքականութիւն, տնտեսութիւն, մշակոյթ կամ գաղափար այլ կը յատկանշէ ժողովուրդներու ընտանիք մը` որ Եւրոպայի իշխանութիւններուն հետ միասին գիտէ միաւորել միութեան իտէալը, իւրաքանչիւրի իւրայատուկ զանազանութեան հանդերձ, արժէքաւորելով անհատական աւանդութիւնները, հարստութիւնները, պատմութիւնն ու արմատները։
Եւրոպային յոյս ներշնչել կը նշանակէ ներդրում կատարել այն միջավայրերուն մէջ ուր կը կազմաւորուին անհատները, բարենպաստ պայմաններ ստեղծել` ընտանիքի կեանքին ու անոր միութեան համար, որ կը մնայ բերրի եւ անլուծանելի։ Կը նշանակէ հեռանկարներ ներկայացնել նոր սերունդին եւ բազմաթիւ տարեցներուն, դաստիարակութեան զարգացումին, դպրոցներուն եւ համալսարաններուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսեցաւ արարչագործութեան պահպանումին եւ բնապահպանութեան ի սպաս յանձնառումի մասին։ Բնութիւնը մեր տրամադրութեան տակ դրուած է սակայն մեր սեփականութիւնը չէ, զայն պէտք չէ չարաշահենք այլ պէտք է օգտագործենք հասարակաց բարիքին համար, նշեց Քահանայապետը, յայտնելով թէ մարդը հիմնական մաս է բնութեան եւ ասոր համար հարկաւոր է որդեգրել մարդկային բնապահպանութիւն մը հիմնուած մարդու յարգանքի վրայ։
Իր երկարաշունչ ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց աշխատանքի մարտահրաւէրին եւ բոլորին աշխատանք ապահովելու հրամայականին։ Ան ապա անդրադարձաւ գաղթականութեան երեւոյթին յանդիմանելով թէ` ''կարելի չէ միջերկրականը դարձնել հսկայական գերեզման մը'' ու թէ այս ուղղութեամբ հարկաւոր է որդեգրել քաղաքական ձեռնարկներ օգնութեան հասնելու այն երկիրներուն ուրտերէն կը յառաջանայ գաղթականութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց խորհրդարանականներու պարտականութիւնը` պահպանելու եւ աճեցնելու Եւրոպական ինքնութիւնը որպէսզի քաղաքացիները վերագտնեն իշխանութիւններու հանդէպ վստահութիւնը եւ հաւատան Եւրոպական` խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ծրագիրին։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց յայտնելով թէ Եւրոպայի երկհազարամեայ պատմութիւնը իրար կը միացնէ Եւրոպան եւ Քրիստոնէութիւնը եւ ''որուն մեծ մասը տակաւին պէտք է շարադրուի, որպէսզի միասին կառուցենք Եւրոպա մը որ իր կեդրոնականութիւնը գտնէ` ոչ թէ տնտեսութեան մէջ այլ մարդ արարածի սրբութեան ու անոր անքակտելի արժէքներուն մէջ։
Ժամանակն է կառուցելու Եւրոպա մը որ քաջութեամբ կ՛ընգրկէ իր անցեալը եւ վստահութեամբ կը նայի իր ապագային լիօրէն ապրելու համար ներկայի յոյսը։
Ժամանակն է հրաժարելու վախով լի եւ ընկճուած Եւրոպայի մը գաղափարէն, ստեղծելու համար դերակատար Եւրոպա մը որ կը պաշտպանէ մարդը, Եւրոպա մը որ կը քալէ վստահելի եւ անսասան հողի վրայ, որ համայն մարդկութեան համար հանդիսանայ թանկարժէք վկայակոչումի վայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.