2014-11-25 14:36:05

Միշել Սլէյման պարգեւատրուեցաւ Պապական շքանշանով։


Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Վատիկանի մէջ պարգեւատրուեցաւ ասպետի աստիճանի Մեծ խաչ պապական շքանշանով` ներկայութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Պարգեւատրումէն ետք Սլէյման հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը, որուն շնորհիւ աւարտած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, շրջանին մէջ Լիբանանը դարձուցած է իւրայատուկ երկիր մը: «Այդ յանձնառութիւնը Լիբանան պէտք է շարունակէ իրագործել երկխօսութեան միջոցով` տապալելով լիբանանեան ընկերութիւնը հարուածող վախը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Լիբանանի հզօրութիւնը կ՛ապահովուի միայն ազգային միասնականութեան ամրապնդումով:
Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ Ռայի պատրիարքը Միլանոյի մարոնի համայնքի Սայիտաթ Շիֆա եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կ՛աղօթէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն լուծման համար:
Նշենք, որ հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին, Սլէյման Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.