2014-11-25 08:56:28

Եւրոպայի 6 պաշտպան Սուրբերը:


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւրոպական հաստատութիւններուն այցելութեան առթիւ կը ներկայացնենք Եւրոպայի 6 պաշտպան Սուրբերը։
Եւրոպան ունի 6 պաշտպան սուրբեր, որոնք զատորոշուած եւ յատկանշուած են Եւրոպական երկիրներուն մէջ իրենց փոխանցած կրօնական եւ մշակութային արժէքներով։
Եւրոպայի պաշտպան սուրբերու շարքին է՝ Սուրբ Պենետիկտոս, որ է առաջին Եւրոպայի պաշտպան սուրբը՝ նշանակուած 1964 թուականին, Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն Պենետիկտեան միաբանութեան տածած աշխատանքին Եւրոպայի քաղաքացիական եւ մշակութային բարգաւաճման ի խնդիր։
Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոս, Եւրոպայի պաշտպան սուրբեր նշանակուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ։ Վերոնշեալ երկու սուրբերը մեծ ներդրում ունեցած են Սլաւ ժողովուրդներու մէջ։
Շուէտի Սրբուհի Պրիճիտա, ապրած է ԺԴ-րդ դարուն, Ան բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ կատարած է Եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկիր։ Եղած է զանազան բարեգործական հաստատութիւններու հիմնադիր։ Սրբուհի Պրիճիտա, Եւրոպայի պաշտպան Սրբուհի նշանակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ. Անոր բարձր հոգեւորական եւ պատմական քրիստոնէական վկայութեան համար։
Սրբուհի Քաթէրինա Տա Սիէնա, ապրած է ԺԴ դարուն, անդամակցած է Տոմինիքեան միաբանութեան։ Պօղոս Զ երանելի Քահանայապետը զինք նշանակած է` Եկեղեցւոյ վարդապետ։
Սուրբ Խաչի՝ Սրբուհի Թէրեզա Պենէտէթթա (Էտիթ Շթէյն), Սրբուհի եւ մարտիրոս, ծագումով Հրէայ կաթողիկէ, վախճանած է համաշխարհային Բ . պատերազմի նացիական շարժումի կողմէ կատարուած բնաջնջումի մարզադաշտի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.