2014-11-24 11:51:53

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 24 նոյեմբեր 2014)- Երկուշաբթի 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ասորի Մալապար ծէսի պատկանող հաւատացեալներուն հետ որոնք Հռոմ ժամանած են Հնդիկ Քահանայ Քուրիաքոզ Էլիաս Չավարայի (1805-1871), եւ հնդիկ մայրապետ` Սուրբ Սրտի Քոյր Էուֆրազիա Էլուվաթինկալի (1877-1952) սրբադասումին առթիւ որ տեղի ունեցաւ երէկ`Կիրակի, 23 նոյեմբերի առաւօտեան,Վատիկանի մէջ։
Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահեց Հռոմի Քուրիայի վերին իշխանութեանց ժողովը որուն աւարտին ունկնդրութիւն շնորհեց Եգիպտոսի հանրապետութեան Նախագահ` Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսսիին որ իր անդրանիկ այցելութիւնը կը կատարէ Վատիկան եգիպտացի նախագահի մը վերջին այցելութենէն 8 տարիներ ետք։
Յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ Սրբազան Հայրը կը հանդիսապետէ Առողջապահութեան գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ` երջանկայիշատակ Կարդինալ Անճելինիի` յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Հանդիպելով սրբադասումներու առիթով Հնդկաստանէն ժամանած Ասորի Մալապար ուխտաւորներուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ՝
Ձեր հետ միասնաբար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ երկու Հնդիկ անձնաւորութիւններու սրբադասման առիթով։ Կողջունեմ Ասորի-Մալապար եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիները եւ բոլոր հաւատացեալները։
Հ. Kuriakose Elias Chavara եւ Քոյր Euphrasia Eluvathingal մեզի կը յիշեցնեն Աստուծոյ սէրը, որ աղբիւրը, նեցուկը եւ նպատակն է սրբութեան. մինչ սէրը ընկերոջ հանդէպ՝ Աստուծոյ սիրոյն ամենայստակ արտայայտութիւնն է։ Հ. Kuriakose կրօնաւոր մըն էր, թէ' գործունեայ եւ թէ' ներանձնացեալ։ Ան իր կեանքը առատաձեռնութեամբ տուած է Ասորի-Մալապար եկեղեցւոյ համար, գործի վերածելով վեհ նշանաբանը՝ ''անձնական սրբացումը եւ ուրիշներու փրկութիւնը'' ։
Իսկ քոյր Euphrasia ապրեցաւ Աստուծոյ հետ խոր միութեամբ, այնքան որ իր սրբակեաց կեանքը օրինակ եւ քաջալերանք հանդիսացաւ մարդոց, որոնց զինք ''Աղօթող Մայրը'' կ'անուանէին։
Թող այս նոր սուրբերը օգնեն ձեզի՝ գնահատելու իրենց օրինակը եւ աւետարանի հոգիին ապրումը։ Քալեցէք անոնց հետքերէն եւ նմանեցէք անոնց յատկապէս սիրելով Քրիստոս Ս. Հաղորդութեան մէջ եւ սիրելով Եկեղեցին։ Այսպէսով պիտի յառաջդիմէք սրբութեան ճամբուն վրայ։










All the contents on this site are copyrighted ©.