2014-11-24 10:22:52

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ Եւրոպայի Պաշտօնական իշխանութիւնները։


(Ռ.Վ. 24 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 1988-ին կատարած պաշտօնական այցելութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 25 նոյեմբերին, կ՛այցելէ Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի կեդրոնները որ կը գտնուին Ֆրանսայի Սդրազպուրկ քաղաքին մէջ, ի շառս եւրոպական քաղաքական այլ հիմնարկներու եւ հաստատութիւններու։ Սդրազպուրկը արդարեւ Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք, դարձաւ Եւրոմիութեան կարեւոր եւ իւրայատուկ քաղաք` ուր, ինչպէս նշեցինք, կեդրոնացած են եւրոպական շատ մը հաստատութիւններու ներկայացուցչութիւնները։ Սդրազպուրկի պատմական կարեւորագոյն կառոյցներէն նկատուած է ''Նոթր Տամ'' աթոռանիստ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1015 – 1439 թուականներու ընթացքին։
Եւրոպայի խորհրդարանը` եւրոմիութեան օրէնսդիր մարմինն է։ Միակ միջազգային հիմնարկը որուն անդամները ընտրուած են եւ ոչ թէ նշանակուած, 508 միլիոն եւրոպացիներու քուէարկութեամբ։ Եւրոպայի խորհրդարանի կեդրոնը Սդրազպուրկ հաստատուած է 1999 թուականին։ Եւրոպայի խորհրդարանը ունի 751 երեսփոխաններ որոնք կը ներկայացնեն եւրոմիութեան 28 երկիրները։ Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահն է գերմանացի Տիար Մարթին Շուլցը որ Եւրոպայի խորհրդարանի` առաջին նախագահն է որ երկու անգամ ընտրուած է որպէս նախագահ`առաջինը 2012-ին եւ ապա 2014-ին։
Եւրոպայի Խորհուրդը ` եւրոպական միջ կառավարական ամենահին հաստատութիւնը որ կը ներառէ եւրոպական երկիրներու ամենամեծ թիւը։ Արդարեւ Եւրոպայի Խորհուրդին մաս կը կազմեն 47 երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը։ Եւրոպայի Խորհուրդին մաս կը կազմեն 2 մարմիններ` Նախարարներու կոմիտէն եւ երեսփոխանական հաւաքը ու անոր պատկանող հաստատութիւններու շարքին է` Մարդու Իրաւունքներու եւրոպական ատեանը `(1959)։ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահն է Նորվեկացի 63 ամեայ` Տիար Թորպիորն Եակլանտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.