ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի Նոր-Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ 24 Նոյեմբերին տեղի
ունեցաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ջախջախուած ուսումնավարժական ուղղաթիռի օդաչուներու
հոգեհանգիստի արարողակարգը, քաղաքացիական եւ զինուորական հրաժեշտի արարողութիւնը: Հոգեհանգստեան
կարգը մատուցած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.: Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցած
են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի եւ Արցախի
պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանն ու Մովսէս Յակոբեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր
իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ: Օդանաւորդութեան զօրամասի ղեկավարման
մարմինի պետի տեղակալ, սպայ Վաչագան Ստեփանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին
յայտնած է, որ կը ճանչնար օդաչուները. «Սերգէյը հոյակապ անձնաւորութիւն էր՝ բարձր ինտելեկտով
օժտուած: Լէյտենանտ Սարգիս Նազարեանը նոյնպէս շատ խելացի, իր գործին նուիրուած մարդ էր,
աւարտել է աւիացիոն ինստիտուտը կարմիր դիպլոմով, իսկ Ազատի երազանքն էր մասնակցել զօրավարժութիւններին»,
յայտնած է ան: Օդանաւորդութեան զօրամասի սպայ Գոռ Ղազարեան եւս յայտնած է, որ Սերգէյ
Սահակեանին հետ ծառայած է 19 տարի. «Կիսել ենք մեր ծառայութեան բոլոր դժուարութիւններն
ու ուրախութիւնները: Ծանր է խօսել Ազատի ու Սարգիսի միասին, երկուսն ել երիտասարդ, կարգապահ,
բանիմաց սպաներ էին: Առանձնապէս ուրիշ սպասելու բան էլ չկայ Սաֆարովի նման ստահակին հերոսացնող
պետութիւնից: Նրանք մէկ անգամ չէ, որ իրենց դէմքը ցոյց են տուել: Անձամբ մեր զօրամասի
անունից տղերքին խօսք ենք տալիս, որ իրենց փայ երկնակամարին տէր ենք լինելու: Թող Հէյտարի
թոռնիկներն էլ իմանան, որ արծիւները լեռներում են ծնւում: Հատուցումն էլ այն բաժինն է,
որ ստանալու են շատ սառը ու ժամանակին: Սա այն հակամարտութիւնն է, որը պսակուելու է միայն
ու միայն մեր յաղթանակով»: Նոյեմբեր 25ին՝ ժամը 13։00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով),
զոհուած օդաչուներուն աճիւնները Սուրբ Սարգիս եկեղեցիէն պիտի տեղափոխուին «Եռաբլուր»
զինուորական պանթէոն: Նոյն օրը ժամը 14։00ին սգոյ հաւաք պիտի կատարուի «Եռաբլուր» զինուորական
պանթէոնին մէջ եւ յուղարկաւորութիւն՝ զինուորական արարողակարգով: