2014-11-24 10:16:44

Հալէպի արեւմտեան գիւղերուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրուած է


Հալէպի մարզպետարանը, ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակին հետ համագործակցելով, ինչպէս նաեւ սուրիական «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութեան օժանդակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Հալէպէն արեւմուտք գտնուող գիւղերու բնակիչներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով սուրիական Սանա գործակալութիւնը, Հալէպի մարզպետարանի խորհուրդի անդամ Ապտ ալ Ղաննի Գասապը նշած է, որ մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը բաղկացած եղած է մթերքներով, ծածկոցներով, ներքնակներով, խոհանոցային պարագաներով բեռնաւորուած 7 բեռնատարէ:
Օգնութիւնը նախատեսուած է 7 հազար ընտանիքներու համար:
Մարզպետարանի մէկ այլ անդամ` Ապտ Ալլահ ալ Ուարտին նշած է, որ մարզպետարանը ջանքեր կը գործադրէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու քաղաքի եւ գիւղերու կարիքաւոր բնակիչներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.