2014-11-23 12:06:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց վեց նոր սուրբերու սրբադասման արարողութիւնը։


(Ռ.Վ. 23 նոյեմբեր 2014) Կիրակի, 23 նոյեմբեր 2014. Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի Տօնն է որ հաստատուած է Պիոս ԺԱ քահանայապետէն, 1925 թուականին, այդ ժամանակուան հռչակուած Սուրբ Տարուան աւարտին։
Այս տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրատարակի վրայ հանդիսապետեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին խորաններու պատուոյն բարձրացուց վեց երանելիներ` Գերապայծառ Ճովաննի Անթոնիօ ֆարինա (1803-1888), Հնդիկ Քահանայ Քուրիաքոզ Էլիաս Չավարա (1805-1871), Իտալացի երանելի Լուտովիքօ Տա Քազորիա (1814-1885), երանելի Նիքոլա Տա Լոնկոպարտի (1649-1709), հնդիկ մայրապետ` Սուրբ Սրտի Քոյր Էուֆրազիա Էլուվաթինկալը (1877-1952) եւ իտալացի երանելի Ամաթօ Ռոնքոնին (1226-1292)։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով օրուան ծիսական տօնին յայտնեց թէ ''Յիսուս Քրիստոսի թագաւորութիւնը ''ճշմարտութեան եւ կենաց թագաւորութիւն մըն է. թագաւորութիւն սրբութեան ու շնորհքի, արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան''։ Ան ապա անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գայ թէ ինչպէս Յիսուս իրականացուց իր այս թագաւորութիւնը, մեզի ցուցաբերած մօտիկութեամբ եւ քնքշութեամբ։
Ան Հովիւն է որուն մասին կը խօսի Եզեկիէլ մարգարէն նշելով Հովիւի բոլոր յատկութիւններն ու սէրը իր հօտին հանդէպ. փնտռել, հաւաքել, առաջնորդել, հանգստացնել, փնտռել կորսուած ոչխարը ու զայն առաջնորդել դէպի տուն, խնամել վէրքերը, բուժել հիւանդները, հովուել հօտը։ Այս բոլորը իրականացան Յիսուս Քրիստոսի մէջ` ''Ան Մեծն հովիւն է եւ մեր հոգւոյն պահապանը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ բոլոր անոնք որ Եկեղեցւոյ մէջ կանչուած են հովիւներ ըլլալու չեն կրնար չի հետեւիլ այս օրինակին ապա թէ ոչ վարձկաններ կը նկատուին ։
Յիսուս աշխարհի ըմբռնումի համաձայն թագաւոր մը չէ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – Անոր համար իշխելը չի նշանակեր հրամայել, այլ հնազանդիլ Հօր, Անոր յանձնուիլ որպէսզի իրականանայ սիրոյ եւ փրկագործութեան ծրագիրը։
Սրբազան Հայրը ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց աւետարանական ընթերցումին վրայ քաղուած` Մատթէոս աւետարանիչի 25 գլուխէն ` ''Ինծի եկէք հօրս օրհնեալները, առէք իբրեւ ժառանգութիւն` Արքայութիւնը որ աշխարհի սկիզբէն ի վեր պատրաստուած է ձեզի համար։ Որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի, զգեստաւորեցիք զիս, հիւանդ էի այցելեցիք ինծի, բանտն էի` եկաք զիս տեսնելու''։ Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն` ե՞րբ ըրինք այս ամէնքը եւ Թագաւորը պիտի պատասխանէ ''Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք''։
Փրկութիւնը չի սկսիր ճանչնալով Քրիստոսի թագաւորութիւնը, այլ ընդօրինակելով անոր սիրոյ գործերը, որուն միջոցաւ կառուցեց իր թագաւորութիւնը։ Կեանքի վերջալոյսին պիտի դատուինք սիրոյ, մօտիկութեան եւ մեր եղբայրներուն ցուցաբերած քնքշութեան համաձայն, ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով թէ ''Յիսուս բացաւ Երկնքի Արքայութեան դռները սակայն մեզմէ ամէն մէկուն կ՛իյնայ այս դռնէն մուտք գործել, սիրելով ու բաժնեկցելով մեր եղբայրներուն կարիքները։
Այսօր եկեղեցին մեզ կը դնէ սուրբերու տիպար կենցաղի դիմաց, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ եւ մերձաւորին, ի գործ դնելով Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանը։ Թող այս նոր սուրբերը, անոնց օրինակն ու բարեխօսութիւնը, մեր մէջ աճեցնեն ուրախութիւնը` ընթանալու Աւետարանի ուղիով։ Հետեւինք անոնց հետքերուն, անոնց հաւատքին ու սիրոյն որպէսզի մեր յոյսը եւս հանգի անմահութեան։
''Թող բոլոր Սուրբերու Մայրը ` Մարիամ, մեզ առաջնորդէ դէպի Երկնաւոր թագաւորութիւն տանող մեր ուղեւորութեան ընթացքին'', եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.