2014-11-22 12:33:01

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը՝ եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու Գ. Համագումարի մասնակիցներուն։


''Խարիզմի թարմութիւն եւ Հաղորդութիւն''
(Ռ.Վ. 22 նոյեմբեր 2014) 20-22 նոյեմբերին, Հռոմի ՝՝Մարիա Մաթէր Էքլէզիէ՝՝ Քահանայապետական վարժարանին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու ''Աւետարանի ուրախութիւնը ՝ Միսիոներական ուրախութիւն'' խորագիրով Գ համագումարը, կազմակերպութեամբ Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդին։
Համագումարին մասնակիցները, շաբաթ 22 նոյեմբերին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած պատգամին մէջ անդրադարձաւ համագումարի ընթացքին արծարծուած Քրիստոնէական կեանքի հայող էական տարրերուն՝ ''Դարձի գալ եւ միսիոնարականութիւն։ Ասոնք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իրար միջեւ երկու անքակտելի տարրեր են, առանց սրտի եւ մտքի ճշմարիտ դարձի, չենք կրնար հռչակել աւետարանը, իսկ եթէ չդիմենք միսոնարականութեան կարելի չէ դարձի գալ, ուստի հաւատքը ապարդիւն կ՝ըլլայ ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա եկեղեցական կեանքի հայող առաջարկներ ներկայացուց ընթանալու համար հաւատքի ուղղին վրայ։
Նախ եւ առաջ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը պէտք է պահպանել խարիզմի թարմութիւնը, վերանորոգելով միշտ առաջին Սէրը։ Պէտք է միշտ դիմել խարիզմի ակնաղբիւրին, դիմագրաւելու համար ժամանակակից մարտահրաւէրները։
Երկրորդ ՝ մարդոց ընդունելութեան եւ առաջնորդութեան կերպը, յատկապէս երիտասարդներունը։ Քրիստոնէական դաստիարակչութիւնը կը պահանջէ համբերատար ընկերակցութիւն որ գիտէ սպասել իւրաքանչիւրին ժամանակը, նման մեր Տիրոջ` որ եղած է միշտ համբերատար։ Համբերութիւնը միակ ուղին է սիրելու եւ Տիրոջ հետ յարաբերութեան մէջ դնելու անձերը։
Երրորդ` չմոռնալ երբեք առաջնահերթ, թանկագին հարստութիւնը՝ Սուրբ հոգիին կնիքը որ է հաղորդութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի բարձրագոյն շնորհքը որ անդադար կը խնդրէ մեզի համար իր Հօր Աստուծոյ ցոյց տալով իր կրած վէրքերը։
Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ըսելով` սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր դուք արդէն շատ պտուղներ տուիք եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհին, Սուրբ Հոգիին օժանդակութեամբ ու անոր խարիզմներու եւ շնորհքներու շնորհիւ կրնաք դեռ աւելիով տալ։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.