2014-11-22 11:30:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը:


(Ռ.Վ. 22 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի կողմէ կազմակերպուած միսիոներական ազգային չորրորդ համագումարի մասնակիցներուն ու ապա` ժամը 9.30-ին, իր գրասենեակային մէջ ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը։
Ժամը 11-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու Գ համաշխարհային վեհաժողովին մասնակիցներուն մինչ ժամը 11.45-ին` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ընդունեց առողջապահական գործիչներու քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջազգային 24-րդ հաւաքի եօթը հարիւր մասնակիցները։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի կողմէ կազմակերպուած Միսիոներական ազգային չորրորդ համագումարի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց համաժողովի նիւթին որ ներշնչուած է Յովնան մարգարէի փորձառութենէն` երբ Տէրը անոր կը հրամայէ Նինուէ քաղաք երթալ։ Յովնան նախ կը տարակուսի եւ կը փախչի, ետքը սակայն կը համոզուի ու Նինուէ կը մտնէ եւ Տէրը ցոյց կու տայ իր ողորմութիւնը ու քաղաքը դարձի կու գայ։
Ողորմութիւնը կը բարեփոխէ անհատին եւ նոյնիսկ ժողովուրդներուն պատմութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ Յովնանին ուղղուած հրաւէրը այսօր ուղղուած է նաեւ ներկաներուն։
''Ամէն մէկ սերունդ կանչուած է ըլլալու միսիոնար'' հաստատեց Քահանայապետը ակնարկելով իր հրատարակած ''Աւետարանի Ուրախութիւն'' յորդորագիրին որուն մէջ կը խօսի ''բոլորին բաց Եկեղեցիի մը մասին'', առաքեալ եկեղեցի մը որ վախ չունի ուրիշին հանդիպելու, յայտնաբերելու նորութիւնները եւ Աւետարանի մասին խօսելու ուրախութեամբ, բոլորին անխտիր։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն կատարած առաքելութեան ու յանձնառումին Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս։ Ան ապա ակնարկեց Իտալիոյ եկեղեցւոյ հաւատքի բազմաթիւ նահատակներուն որոնք ընտրեցին կեանքի զոհաբերումը կառուցելու համար արուարձաններու եկեղեցին` աղքատներու եւ մեկուսացեալներուն հետ ապրելով։ Ասիկա – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – պարգեւ մըն է տիեզերական եկեղեցւոյ ու ժողովուրդներուն եւ յորդորեց չլքել որ իրենցմէ խլուի յոյսը եւ երազը` աշխարհը բարեփոխելու Աւետարանի զօրութեամբ.
Դուրս ելլել կը նշանակէ յաղթահարել փակեալ միջավայրի մէջ ապրելու փորձութիւնը մոռնալով այն շատերը որ մեզմէ կը սպասեն ողորմածութեան, մխիթարութեան եւ յոյսի խօսք մը, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով թէ նոյնինք Յիսուս եղաւ ''արուարձաններու'' անձնաւորութիւն, Գալիլիայի մէջ որ հեռու էր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութենէն եւ Երուսաղէմէն։ Ան հանդիպեցաւ աղքատներուն, հիւանդներուն, դիւահար մարդոց, մեղաւորներուն, պոռնիկներուն ու իր շուրջը հաւաքեց իր աշակերտները - ըսաւ Սրբազան Հայրը հուսկ քաջալերեց ներկաները միսիոներական հոգին եւ եռանդը աշխուժացնելու ու բարձր պահելու Աւետարանի ուրախութեան հոգին, առանց վհատութեան մատնուելու դժուարութիւններու պարագային։
Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց շեշտը դնելով աղքատներուն վրայ որոնք – ըսաւ Ան – բոլորին բաց եկեղեցւոյ մը առաջին ուղեկիցներն են, որովհետեւ Եկեղեցին ամէնէն առաջ անոնց կը հանդիպի։ Աղքատները նաեւ աւետարանիչներ են, որովհետեւ ցոյց կու տան արուարձանները ուր պէտք է աւետել Աւետարանը։ Դուրս ելլել եւ անտարբեր չմնալ թշուառութեան, բռնութեան ու պատերազմի դիմաց, տարեցներուն անտեսութեան ու շատ մը անհատներու կարիքներուն դիմաց։ Դուրս ելլել եւ թոյլ չտալ որ մեր քրիստոնեայ քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունենան մանուկներ որ չեն գիտեր խաչակնքում կատարել։ Դուրս ելլել եւ ըլլալ խաղաղութեան գործիչներ, այն խաղաղութիւնը որ Տէրը մեզի կը պարգեւէ ամէն օր եւ որուն կը կարեկցի աշխարհը։
Միսիոնարները երբեք չեն հրաժարիր խաղաղութեան երազէն – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով վերջին շրջանին Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն որոնք ''ուրախ էին իրենց կատարած ծառայութեամբ ի սպաս տառապեալ ժողովուրդին։ Իրենք եւս կը տառապէին պատահածին համար, սակայն իրենց մէջ ունէին աւետարանի ուրախութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա հայցեց որ Տէրը ներկաները դարձնէ Իր սիրոյն եւ ողորմածութեան վկաները եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը` Աւետարանութեան աստղը. պահպանէ ու զօրացնէ զիրենք, իրագործելու համար իրենց յանձնուած պարտականութիւնը։ Ես ալ պէտք է առաքեալ մը ըլլամ ասոր համար կը խնդրեմ ` բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը բոլորին տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.