2014-11-22 10:26:57

Լիբանանի անկախութեան տօնը Մերսոպեան վարժարանին մէջ


21 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբը, դասարանային խմբակներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ՝ քերթուածներու, երգերու եւ պարերով միջոցով արտայայտելու համար օրուան խորհուրդը: Ներկայացուեցան խմբային եւ անհատական ինը ասմունքներ, վեց երգեր, թատերական երկու պատկերներ եւ երկու պար, խանդավառելով բոլոր ներկաները:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ աշակերտուհի Վանեսա Հաժժար ըսաւ.
Երկրի մը տարածութիւնը քառակուսի մեթրերով չէ որ կը չափուի, ոչ ալ ժողովուրդներու պատմութիւնը՝ տարիներով: Կան երկիրներ, որոնք շրջանցելով պատմութեան ու աշխարհագրութեան չափանիշները, յանգած են երկնային առաքելութիւններու՝ դպրոց դառնալով մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան, եւ իրենց արժէքները տարածած են համայն աշխարհին մէջ: 71 տարիներ առաջ Լիբանանի անկախութեան ռահվիրաները՝ հրաժարելով իրենց անհատական փոքր շահախնդրութենէն եւ համայնքային պատկանելիութենէն, այս երկիրը հասցուցին զարգացման բարձրակէտին, կրկին շողացնելով ազատութեան արեւը անոր վերեւ:
Օրուան պատգամը հաղորդեց Զմմառու վանահայր, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Գերապայծառ Տէրը շեշտեց սիրոյ եւ համերաշխութեան, բարութեան եւ հանդուրժողականութեան կարեւորութիւնը ինչպէս մարդ անհատի կեանքին, այնպէս ալ ընկերութեան եւ հայրենիքներու առողջ գոյատեւումին եւ զարգացումին մէջ: Ան ըսաւ, որ երկրի մը անկախութիւնը նախ եւ առաջ կը հիմնուի բարոյական արժէքներու վրայ, որոնց պահպանումը մեծագոյն երաշխիքն է խաղաղութեան:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն ըլլալու արժանի հետեւորդները Լիբանան հաստատուած մեր հայրերուն եւ մեծ հայրերուն, որոնք իրենց վարքով դարձան օրինակելի քաղաքացիները այս երկրին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգութեան Լիբանանի քաղաքացիները միշտ փայլած են իրենց աշխատասիրութեամբ եւ այս երկրին նկատմամբ մեծ սիրով, բոլոր մարզերուն մէջ նպաստելով անոր զարգացումին:
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
Տեղեկատուական գրասենեակ







All the contents on this site are copyrighted ©.