2014-11-22 10:39:01

Աղքատութեան պատճառներ


RealAudioMP3 Կրօնաւորները ունին աղքատութիւնը պահելուբաղմաթիւ չարժառիթներ կամ պատճառներ :
Առաջին` Վանքի կամ Միաբանութեան շահը կը պահանջէ, որ պահուի աղքատութիւնը :
Պարտական ենք մեր սէրը սկսիլ մեր մերձաւորներէն : Որով կրօնաւորի սէրն ամէնէն առաջ վանքէն պէտք է սկսի, որ եղաւ իր մայրը աստուածային սիրով եւ գորովով, հետեւաբար պիտի ուզէ անոր բարգաւաճումր, բարձրացումը. եւ որովհետեւ միշտ գործնականապէս կարելի չէ անոր համար աշխատիլ, որով կրօնաւորը պիտի ջանայ նախ վնաս չհասցնել վանքին եւ անոր անպատուութիւն չպատճառել :
Աղքատութեան մէջ թերանալն իրապէս անպատուութիւն է պատկանած վանքին :
Աղքատութիւնն ընկերացած է վանքերու հիմնարկութեան. կարելի է զայն կոչել վանքերու մայրը, եւ անոր շրջանը ընդհանրապէս վանքերու հոգեւոր, բարոյական եւ գիտական զարգացման շրջանն է եղած :
Երկրորդ` Աղքատութիւնը մեծապէս կարեւոր է կրօնաւորի կատարելութեան համար : Կրօնաւորը, որ յանձն կ՛առնէ կատարելութեան դիմելու, պարտականութիւն ունի նաեւ սրրութեան. գլխաւոր արգելքը, սակայն ինչքերն են, հարստութիւնն է, որ հոգին կը կապէ աշխարհին, կ՛ուզէ գոհացնել բնութեան բոլոր զգացումները, որով կրօնաւորին կը հեռացնեն մահացման ոգիէն, անկախ ըլլալու զգացումը կը զօրացնէ, մեծ համարելու տրամադրութիւնը կը սնուցանէ, ցնորքի կ՛առաջնորդէ :
Ինչքերուն կապուած սիրտը կը բաւականանայ այս կեանքով, կ՛երջանկանայ եւ ուրիշ բան չի փնտռեր, երկինքն իրեն համար չէ : «Եւ ինքս ինծի կ՛ըսեմ. Ո՛վ մարդ, շատ տարիներու համար ամբարած շատ բարիքները ունիս, հանգիստ ըրէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղիր»(Ղկ. 12, 19) :
Անկարելի է որ հարուստը խոնարհ ըլլայ, ասոր համար Յիսուս պատուիրեց ամէն ինչ ծախել :

Ահա ինչքերէն ծագած արգելքներ, որ կրօնաւորին կը հեռացնեն իր սուրբ գործերէն :
Եւ սակայն աղքատութիւնը կը վերցնէ այդ արգելքները, մարդուն կ՛ազատէ շատ մը կաշկանդումներէն, եւ մտքի ստուերները կը փառատեն :
Մարդը աղքատութեամբ ինքն իրեն զօրաւոր կը զգայ, լեցուն կեանքով. ասոր համար Սուրբ հայրերը աղքատութիւնը կոչած են րոլոր առաքինութիւններու դայեակը, հոգիներու մայրը :
Հարստութիւնը մարդուն կը բարձրացնէ , մինչ աղքատութիւնը կը խոնարհեցնէ, աղքատութիւնը կրօնաւորին կը զետեղէ բուն իր վիճակին մէջ, այսինքն ոչինչ ունենալու եւ ոչինչ ըլլալու: Աղքատութիւնը մարդուս կը պահէ ճշմարտութեան մէջ, այսինքն` ոչնչութեան, որով իրեն կ՛ամրացնէ Աստուծոյ եւ անոր հանդէպ վստահութիւնը կը զօրացնէ :







All the contents on this site are copyrighted ©.