2014-11-21 10:49:37

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ուղղուած Քահանայապետական ակադեմիական կառոյցներու հանրային նիստի մասնակիցներուն։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ Քահանայապետական Մարեմեան միջազգային ակադեմիայի, հինգշաբթի, 20 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Քահանայապետական ակադեմիական կառոյցներու հանրային նիստը որուն խորագիրն էր` ''Մարիամ Աստուծոյ գեղեցկութեան անսահման տիպարը''։Նիստին ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճնաֆրանքօ Ռավազին եւ վերակոչուեցաւ երանելի Պօղոս Զ-ը ու անոր հրատարակած ''Մարիալիս Քուլթուս'' վաւերաթուղթի քառասուն ամեակը։
Հանդիպումի ընթացքին, Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը, նիստի մասնակցողներուն կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամն ու ապա կը հանդիսապետէ այս առթիւ կազմակերպուած պարգեւատրումի արարողութիւնը։
Քահանայապետական ակադեմիական կառոյցներու 19-րդ հանրային նիստի մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացայայտեց Պօղոս Զ Քահանայապետի ունեցած ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Սուրբ Կոյս Մարիամին զոր դրսեւորած է հրատարակած Քահանայապետական զանազան վաւերաթուղթերու միջոցաւ։
Եկեղեցւոյ դժուարին պահերուն, Պօղոս Զ. երջանկայիշատակ քահանայապետը միշտ դիմած է Տիրամօր, յորդորելով հաւատացեալ ժողովուրդը միշտ հայցելու Տիրամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ յայտնեց թէ ''Յաւարտ Եպիսկոպոսներու նոր աւետարանման ի սպաս սիւնհոդոսական ժողովին, 'Աւետարանի ուրախութիւնը Առաքելական յորդորագիրիս մէջ, եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը յանձնեցի Տիրամօր Մայրական հովանիին։
Սուրբ Կոյս Մարիամի մէջ կ՛անդրադառնանք թէ հեզութեան եւ քնքշութեան առաքինութիւնները, տկարներու պատկանող առաքինութիւններ չեն, այլեւ հզօրներու` որոնք կարիքը չունին ուրիշները ոտնակոխ ընել ցոյց տալու համար իրենց հզօրութիւնը։
Տիրամօր արդարութեան եւ քնքշութեան սոյն դիմագիծը, հայեցականութեան եւ դէպի ուրիշներու ուղեւորութիւնը ՝ եկեղեցւոյ աւետարանման տիպարը հանդիսացաւ - յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը

հրաւիրելով երբեք չդադրիլ Տիրամօրմէն սորվելէ եւ թոյլ տալէ որ Ան մեզ առաջնորդէ դէպի սկզբնական աղբիւր՝ Ճշմարիտ լիութիւն, դէպի Աստուծոյ անսահման գեղեցկութիւնը, որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.