2014-11-21 11:22:27

Մինսքի խմբակը կոչ ուղղած է Ազրպէյճանին թոյլ տալ մօտենալու ուղղաթիռին


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին կարելիութիւններ ընձեռել վերադարձնելու 12 նոյեմբերին կործանած հայկական ուղղաթիռին զոհերուն մարմինները:
Միջադէպէն շաբաթ մը ետք միջնորդները այս հարցին շուրջ արդէն երկրորդ յայտարարութիւնը տարածած են` ընդգծելով. «Խորապէս մտահոգ ենք, որ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ կործանած զինուորական ուղղաթիռի անկման վայր այցելելու համար մարդասիրական միջանցք չէ ստեղծուած»: Միջնորդները նշած են, որ հայկական ուղղաթիռին բեկորները ինկած են սահմանագիծի չէզոք հատուածի խիտ ականապատ տարածքին մէջ:
«Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն դադրեցնելու կրակոցները դէպքին վայրին մերձակայքը եւ նպաստելու շրջակայ տարածքի ականազերծման», յայտարարած են միջնորդներն ու յիշեցուցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն` 2010 թուականի Աստրախանի մէջ ընդունած յայտարարութիւնը. «Այդ փաստաթուղթին ոգիին համահունչ` կը յորդորենք Ազրպէյճանը կարելիութիւն տալու մօտենալու ուղղաթիռի անձնակազմին, Հայաստանի` լիովին համագործակցելու եւ ներդնելու բոլոր ջանքերը` մարդասիրական այս խնդիրը լուծելու համար»:
Փաստելով, որ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք իր խումբով այժմ կը գտնուի շրջանին մէջ, Մինսքի խմբակի միջնորդները կը քաջալերեն կողմերը օգտագործելու անոր առաքելութիւնը` ուղղաթիռի կործանման վայր մուտքը ապահովելու համար:
«Մենք կը վերահաստատենք 12 նոյեմբերի մեր յայտարարութիւնը եւ կրկին կը յիշեցնենք կողմերուն զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու` Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ անոնց ստանձնած յանձնառութիւնը», եզրափակած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները:







All the contents on this site are copyrighted ©.