2014-11-20 13:07:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ՖԱՕ-ի պաշտօնեաներուն հետ։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 20 նոյեմբերին, ՖԱՕ-ի տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Միջազգային կազմակերպութեան պաշտօնեաներուն։
Անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ընծայած ծառայութեան , ինչպէս նաեւ մաղթանք յայտնեց ապրելու համերաշխութեամբ իրենց ընտանեկան միջավայրին մէջ։
՝՝Ձեր թանկարժէք աշխատանքին ընթացքին, յաճախ կը հանդիպիք սովորական եւ արտակարգ ձեռնարկներու՝ գիւղատնտեսութեան բարգաւաճումին ի սպաս, ինչպէս նաեւ վատ սննդարարութեան դէմ պայքարի ի խնդիր, որպէս հեռանկար ունենալով աշխարհին մէջ անօթութեան նուազումը եւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց ՖԱՕ-ի պաշտօնեաները ըլլալու եղբայրասէր տկարներուն հանդէպ՝ ունենալով որպէս տիպար` Յիսուս Քրիստոսը որ իր ուսերուն վրայ կրեց մարդկութեան տառապանքն ու ցաւերը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ քաջալերեց ներկաները երբեք դժուարութիւններուն դիմաց յուսախաբութեան չմատնուելու եւ պատրաստակամ ըլլալու՝ աջակցելու միշտ ուրիշներուն` ու յոյսով նայելու ապագային՜՜։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ՖԱՕ աշխատաւորներուն ուղղած պատգամը եզրափակեց անոնց ապահովելով Իր աղօթքը ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն եւ իր եկեղեցւոյ տուած ծառայութեան դիտաւորութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.