2014-11-20 14:28:25

Քահանայապետական ակադեմիական կառոյցներու հանրային նիստը։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ Քահանայապետական Մարեմեան միջազգային ակադեմիայի, հինգշաբթի, 20 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Քահանայապետական ակադեմիական կառոյցներու հանրային նիստը որուն խորագիրն էր` ''Մարիամ Աստուծոյ գեղեցկութեան անսահման տիպարը''։Նիստին ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճնաֆրանքօ Ռավազին եւ վերակոչուեցաւ երանելի Պօղոս Զ-ը ու անոր հրատարակած ''Մարիալիս Քուլթուս'' վաւերաթուղթի քառասուն ամեակը։
Հանդիպումի ընթացքին, Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը, նիստի մասնակցողներուն կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամն ու ապա կը հանդիսապետէ այս աօթիւ կազմակերպուած պարգեւատրումի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.