2014-11-20 10:11:42

''Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար անհրաժեշտ են քաջ որոշումներ'' կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2014-ին, շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ի տես երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, Երուսաղէմի Հրէական աղօթատեղիի մը դէմ կատարուած արարքին յայտնեց, թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի տագնապալի լարուածութիւններուն Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրի զանազան վայրերուն մէջ, ուր ''բռնութեան անընդունելի արարքներ տեղի կ՛ունենան որոնք չեն խնայեր նոյնիսկ պաշտամունքի վայրերը''։
Սրտի խորքէն կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմերուն որպէսզի վերջ դնեն ատելութեան եւ բռնութեան պարոյրին ու յանձն առնուին քաջ որոշումներ ի սպաս հաշտութեան եւ խաղաղութեան։
''Խաղաղութիւնը կառուցելը դժուար է, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, սակայն առանց խաղաղութեան ապրիլը տանջանք մըն է, հաստատեց Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.