2014-11-20 10:18:44

Հայ Որբերու գորգը կը ցուցադրուի Սպիտակ Տան մէջ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նոյեմբեր 18ին, Սպիտակ տան այցելուներու սրահին մէջ սկսաւ ցուցադրուելու հայ որբերու կողմէ նուիրուած «Ղազիրի գորգը», որուն առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկար սպասուող այս ցուցադրութեան մասին բացատրութիւններ տուին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ։ Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 23։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ, թէ ցուցադրութիւնը լուսարձակի տակ կը դնէ ամերիկացիներուն առատաձեռնութիւնը, որ հարիւր հազարաւոր հայերու, ներառեալ որբերու, կեանքը փրկած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք։ Համբարեան շեշտած է, թէ այդ միջամտութեան արդիւնքն է Ղազիրի որբանոցի հայ որբերուն պատրաստած այս հոյակապ գորգը, որ պատմական արժէք ունի ու առիթ կ՛ընծայէ ծանօթանալու Հայկական Ցեղասպանութեան ծալքերուն։
Համբարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր քոնկրեսականներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական համագումարին ու Հայկական գորգի ընկերակացութեան, որոնք ապահոված են այս ցուցադրութեան իրականացումը։
Յիշեցնենք, որ ցուցադրութեան մասին բացատրութեան մէջ, գորգը ուղղակիօրէն չի կապուիր Հայկական Ցեղասպանութեան։ Այս մասին «Ասպարէզ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը նշած էր. «Նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակաբար պատմական իրականութիւն համարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ու ցաւակցութիւն յայտնած են անոր համար՝ միաժամանակ շեշտելով, որ անոր ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը բոլորին, ներառեալ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի համար, նպաստաւոր պիտի ըլլայ»:
Գորգը ունի մօտաւորապէս 11.7 ոտքով 18.5 ոտք ծաւալ ու բաղկացած է 4,404,206 հանգոյցներէ: Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հիմնած Ղազիրի որբանոցի հայ որբուհիները զայն գործած են մօտաւորապէս տասը ամսուան ընթացքին:
Շիֆ անցեալ Դեկտեմբերին դիմած էր Սպիտակ տուն, որպէսզի գորգը տրամադրուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ի պատիւ կազմակերպուելիք հանրային ձեռնարկի մը համար:
Գորգը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն իբրեւ երախտագիտութիւն՝ Սպիտակ տան նուիրուած երկու այլ իրերու (նուիրուած Ֆրանսայի եւ Ճափոնի կողմէ) մասին կազմակերպուելիք ցուցադրութեան մը ընթացքին: Գորգին ոդիսականը վերջերս լուսարձակի տակ առնուած էր, երբ փորձ կատարուած էր զայն ցուցադրելու անցեալ տարի, Յակոբ Մարթին Տէրանեանի կողմէ այդ գործին մասին գրուած հատորի ներկայացման ձեռնարկին ընթացքին, «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ, սակայն Սպիտակ տունը արտօնութիւն չէր տուած ցուցադրութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, գորգին ցուցադրութիւնը ապահովելու համար արշաւի մը նախաձեռնած էր, ու աւելի քան 30 քոնկրեսականներ կոչ ըրած էին Սպիտակ տան, որ վերատեսութեան ենթարկէ գորգի ցուցադրութեան ընդդիմանալու իր որոշումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.