2014-11-19 13:00:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը հայեցողական կեանքի կրօնաւորներուն աղօթքի օրուան առթիւ։


(Ռ.Վ. 19 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած,ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին կատարած խորհրդածութեան աւարտին կոչ ուղղեց Հայեցողական կեանքի նուիրուած փակեալ կրօնաւորներուն ի սպաս, անոնց նուիրուած աղօթքի օրուան առիթով։
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Ուրբաթ 21 նոյեմբերին` կը տօնախմբենք Սրբոյ Կուսին Մարիամու ընծայումն ի տաճար, որուն առթիւ կը յիշատակենք նաեւ աղօթքի օրը` նուիրուած կղերական հասարակութիւններու եւ Փակեալ կրօնաւորներուն։
Ասիկա, պատեհ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ, բազմաթիւ անձերու պարգեւին համար որոնք վանքերուն եւ ճգնարաններու մէջ աղօթքով նուիրուած են Աստուծոյ։
Շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ` փակեալ կրօնաւորներու կեանքի վկայութեան համար, եւ չթերանանք անոնցնիւթական եւ հոգեւոր աջակցութեան ուղղութեամբ, որպէսզի անոնք կարենան կատարել իրենց միսիոներական առաքելութիւնը։
Իր ուղղած կոչէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց նորապսակեալներուն, երիտասարդներուն եւ հիւանդներուն։ Նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին եկեղեցին կը հրաւիրէ աղօթել ննջեցեալներու դիտաւորութեան համար. չմոռնանք մեր սիրելիները, բարերարները ինչպէս նաեւ մեր նախորդ բոլոր հաւատացեալ եղբայրները - ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ` ''Սուրբ Պատարագի զոհը լաւագողն հոգեւոր պարգեւն է որ մենք կրնանք նուիրել անոնց հոգիներու հանգստեան համար։
Ի ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց յիշել նաեւ Իտալիոյ հիւսիսային կողմերը պատահած ջրհեղեղի զոհերը` ''աղօթենք անոնց դիտաւորութեան համար ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն, եւ աջակցինք բոլոր անոնց որոնք վնասներ կրեցին'' եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.