2014-11-19 12:54:38

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հաճոյալի եւ սիրելի բաները...
Մարդուն համար հաճոյալի ամէն բան սիրելի է: Ոչ ոք պիտի ուզէ որ տրտմութեամբ անցնի իր կեանքը կամ հեռու մնայ երջանկութենէ եւ հաճոյքէ, երբ այդ բոլորը կը նկատուին մարդկային կեանքը երկարատեւ դարձնող երեւոյթներ: Այսպէս, երբ հաճելի խրախճանքէ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրուած քանի մը ժամերէ դուրս գան, ոմանք անկեղծ խոստովանութեամբ կ՛ըսեն. «Այսօր կեանքս տասը տարիով երկարաձգուեցաւ»: Խորքին մէջ ո՛չ մէկ բան փոխուեցաւ: Ինչ որ սահմանուած է իրեն համար իբրեւ կեանքի տեւողութիւն, այդքա՛ն պիտի ապրի ան, սակայն հոգեկան գոհունակութիւնը եւ բաւարարուածութեան այն խոր զգացումը, զորս ան ունեցած է այդ քանի մը ժամերուն ընթացքին, ա՛յդ տպաւորութիւնը թողած են իր վրայ:
Կեանքի հաճոյքներու մասին խօսած ատեն երբեմն այնպէս կը թուայ, թէ անոնց ցուցակը անվերջանալի է: Հաճոյքներն ալ ճաշակի հարց դարձած են այլեւս: Անոնք ուղղակի կ՛առնչուին մարդու խառնուածքին ու մանաւանդ ստացած ընկերային ու ընտանեկան դաստիարակութեան: Հաճոյքներն ալ երբեմն ժառանգական են: Ծնողները այն բանէն, որմէ հաճոյք կը ստանան, զաւակներուն ճաշակն ալ այդ ուղղութեամբ կը զարգանայ, ու այդ հաճոյքներուն վրայ կոփուելով կը կաղապարուի: Ճանչցած եմ ինքնաշարժ սիրող ու անոր ամէնէն նոր տեսակներուն հետամուտ ծնողներ, որոնց զաւակները, դեռ շա՜տ մատղաշ իրենց տարիքէն նոյն սէրը ունեցած են եւ նոյնիսկ գերազանցած են իրենց ծնողները այդ բնագաւառէն ներս:
Հաճոյքները նաեւ նախընտրութեան հարց են: Անոնք կրնան բազմազան ու տարաբնոյթ ըլլալ, սակայն անոնց մէջ ալ կարելի է տեսնել «նուիրապետութիւն» կամ անոնցմէ ոմանց ալ կարելի է տալ նախապատուութիւն:
Հաճոյք բառը ինքնին միշտ ժխտական իմաստով ըմբռնուած է: Մէկուն մասին «հաճոյքը սիրող է» երբ ըսուի, ընդհանրապէս կը հասկցուի անոր զեղխ կեանքով ապրիլը, շռայլութիւնը, մոլութիւններու մէջ ինկած ըլլալը եւայլն: Մինչդեռ հաճոյք բառը ինքնին չէզոք իմաստով գոյութիւն ունի մեր լեզուի բառարանին մէջ ու բնա՛ւ դրական կամ ժխտական գունաւորում չունի, եթէ անոր կողքին չդնենք այդ հաճոյքը որակող օժանդակ բառ մը: Օրինակ, երբ դրական իմաստով պիտի գործածենք հաճոյք բառը, անոր քով դրուած բառը պէտք է դրական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ ընթերցանութեան հաճոյք, պարելու հաճոյք, երաժշտութիւն ունկնդրելու հաճոյք: Իսկ երբ ժխտական իմաստով պիտի գործածենք նոյն բառը, անոր կողքին դրուած բառը պէտք է բացասական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ տանջելու հաճոյք, շաղակրատելու հաճոյք, բամբասելու հաճոյք եւ այլն:
Երկու պարագաներուն ալ զգացուած հաճոյքը, դրական եւ ժխտական գունաւորումներով, զայն զգացող մարդու նկարագիրին ու կազմաւորման բարացուցիչը կը դառնայ:
Քաղաքակիրթ ներկայ աշխարհը, հակառակ իր ապրած յառաջդիմութիւններուն ու մագլցող գիտական զարգացումներուն, հակամարտութիւններէն չափազանց հաճոյք կը ստանայ: Ահա սովորական «հաճոյք» բառը, որուն քով երբ դրինք հակամարտութիւն բառը, զայն վերածեց բացասական զգացումի, անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Ինչո՞ւ մարդիկ, պետութիւններ, կառավարութիւններ կամ անուն եւ անանուն խմբակցութիւններ հաճոյք պէտք է ստանան հակամարտութենէ, մարդասպանութենէ կամ ահաբեկչութենէ: Ասոնք այնպիսի երեւոյթներ են, որոնցմէ հաճոյք առնելը ինքնին մեղք է ու աստուածային պատիժի արժանի, որովհետեւ հաճոյքի առարկան այս պարագային ո՛չ թէ միայն Աստուածաստեղծ մարդն է, այլ նաեւ անոր թանկագին կեանքը:
Աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանի աստուածաշնչական պատմութենէն գիտենք, թէ երբ Կայէն նախանձի հետեւանքով իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննեց, մարդուն մէջ արթնցաւ իր նմանը ոչնչացնելու վատ հաճոյքը: Եթէ մէկը չեմ սիրեր, այդ չի՛ նշանակեր թէ պէտք է անպայման զայն սպաննեմ: Իմ իրաւասութեանս մէջ չէ՛ անոր կեանքին որեւէ միջամտութիւն կատարելը: Սակայն, կարելի՛ է յօրինել հաճոյքի տարբեր պատճառներ, որոնք դարձեալ կրնան մեր նմաններուն հետ առնչուած ըլլալ: Կարեկցութիւնը մեզմէ աւելի թշուառներուն՝ այնպիսի՛ հաճոյք կրնայ պատճառել, որ համազօր է եփած ճաշին երեսը, իսկ փիլաւին յատակը ուտելուն: Եթէ ունիս այդ ախորժակը, ուրեմն կռիւին վերջն ալ սիրէ՛ ու կարեկցութիւն ցուցաբերէ՛ ուրիշին:







All the contents on this site are copyrighted ©.