2014-11-19 13:00:11

''Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է սրբանալու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։




(Ռ.Վ. 19 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կատարեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին շարունակեց Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները ու խօսեցաւ Եկեղեցւոյ մասին որպէս ''սրբանալու տիեզերական կոչում''։
Ունկ դրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին, ըսաւ՝ Եկեղեցին հիմնուած է հաղորդութեան սկզբունքի վրայ եւ այս հեռանկարով է որ կը հասկցուի Եկեղեցւոյ իշխանութեան եւ նուիրապետութեան սկզբունքը։
Ասիկա մեզի կ'օգնէ լաւ հասկնալու թէ բոլոր մկրտուած քրիստոնեաները հաւասար արժանապատուութիւնը ունին Տիրոջ առջեւ ինչպէս նաեւ միեւնոյն կոչումը՝ Սրբութեան, սրբանալու։
1. Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հարց տալով թէ ինչի' մէջ կը կայանայ սրբութեան ընդհանրական կոչումը, ըսաւ՝ սրբութիւնը բան մը չէ որ մեր կարողութիւններով կը ստանանք, այլ պարգեւ մըն է, որ ստացած ենք Յիսուս Քրիստոսէ, այն րոպէին, երբ Յիսուս մեզ կ'առնէ իր հետ եւ մեզ կը զգեցնէ ինքնին իր անձով, մեզ կը դարձնէ իրեն նման։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներու ուղղուած նամակին մէջ կ'ըսէ՝ ''Այրեր, սիրեցէք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր անձը մատնեց անոր համար, որ սրբացնէ աւազանի մաքրութեամբ՝ խօսքով, որպէսզի ան իր առջեւ փառաւոր կերպով կանգնեցնէ եկեղեցին'' (Եփես Ե. 25-26)։ Այսպէս՝ սրբութիւնը Եկեղեցւոյ գեղեցկագոյն դիմագիծն է։ Սրբանալ կը նշանակէ ինքզինք վերագտնել Աստուծոյ հաղորդակցութեան մէջ, իր կեանքի եւ սիրոյ հարստութեամբ։ Սրբութիւնը միայն որոշ անձերու տրուած առանձնաշնորհում մը չէ, այլ յատկանշական է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, ոչ ոք բացառուած է սրբանալէ։
2. Շատ անգամ փորձութիւնն ունինք մտածելու, թէ միայն անոնք կը սրբանան, որոնք հրաժարած են սովորական կեանքէն եւ իրենց կեանքը ամբողջութեամբ նուիրած են աղօթքի։ Մինչդեռ երբ կ'ապրինք սիրոյ մէջ եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ քրիստոնէական վկայութիւն կու տանք, կոչուած ենք սրբանալու։
Եթէ ամուսնացեալ ես, եղիր սուրբ սիրելով եւ հոգ տանելով ամուսինդ, կնոջդ, ինչպէս Քրիստոս կը վերաբերի Եկեղեցւոյ հետ։ Եթէ մկրտուած ես՝ եղիր սուրբ ամբողջացնելով անկեղծութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ քու աշխատանքդ եւ նուիրումդ եղբայրներուդ հանդէպ, եթէ ծնող ես կամ մեծ հայր ու մեծ մայր՝ սրբացիր խանդավառութեամբ դաստիարակելով զաւակներդ կամ թոռներդ, որ ճանչնան Քրիստոս եւ հետեւին Քրիստոսի. եթէ կրօնի ուսուցիչ ես կամ դաստիարակ կամ կամաւոր՝ սրբացիր՝ ըլլալով տեսանելի նշան Աստուծոյ սիրոյն եւ ներկայութեան։
3. Եւ արդ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ կատարել խղճի քննութիւն, թէ ի՞նչպէս պատասխանած եմ ցայսօր Տիրոջ, որ կը կոչէ զիս սրբանալու։ Երբ Տէրը մեզ կը կոչէ սրբանալու, ծանր բեռներ կամ տրտմութիւն չէ որ կը դնէ մեր վրայ։ Այլ մանաւանդ կը հրաւիրէ մեզ բաժնեկցելու իր ուրախութեան։ Իւրաքանչիւր քայլ դէպի սրբութիւն մեզ աւելի լաւ անձերու կը վերածէ, մեզ կ'ազատէ եսասիրութենէ, մեր սիրտը կը բանայ եղբայրներուն եւ անոնց կարիքներուն դիմաց։
Պետրոս Առաքեալ իր առաջին նամակին մէջ մեզ կը խրատէ՝ ''իւրաքանչիւրը ինչպիսիս շնորհք որ ընդունած է, ուրիշի հանդէպ թող նոյնը մատակարարէ որպէս բարի տնտես Աստուծոյ պէսպէսի շնորհքներուն։ Եթէ մէկը խօսի, թող այդ ըլլայ Աստուծոյ պատգամներուն նման, եթէ մէկը մատակարարէ, թող այդ ըլլայ այն զօրութենէն, զոր Աստուած կը շնորհէ, որպէսզի ամէն ինչի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։'' (Պետ. Դ. 10-11)։
Ահաւասիկ հրաւէրը սրբանալու։ Ընդգրկենք զայն ուրախութեամբ, եւ օգնենք իրարու, որովհետեւ սրբանալու ճամբան առանձին ընթանալ կարելի չէ, այլ կ'ընթանանք միասնաբար այն միակ մարմնին մէջ, որ է Եկեղեցին, զոր Յիսուս Քրիստոս սրբացուցած է եւ կը սիրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.