2014-11-08 09:30:23

«Ընտանիքը եւ դարու մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողով


Կազմակերպութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին եւ համագործակցութեամբ Լիբանանու մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան, ուրբաթ, 7 նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Ռապուէի «Լիքա» քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ընտանիքը եւ դարու մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին` վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս – պատրիարքը, Քաղդէացիներու Մար Լուիս Ռուֆայել Ա. Սագօ պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ալի Ասին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Սելիմ Սահիունի, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, դեսպաններ ու բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Իր ունեցած ելոյթին մէջ վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ իսլամական կրօնին անունով սպաննող հաւատադրժողական շարժումները նախ եւ առաջ իսլամներուն վնաս կը հասցնեն: Ան կոչ ուղղեց իսլամներուն ամրապնդելու իրենց չափաւորականութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց շրջաններուն` ընդգծելով, որ անոնք Միջին Արեւելքի բնիկներն են եւ անոր ճակտին ցոլացող աստղերը:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր խօսքին մէջ անհրաժեշտ նկատեց ընտանիքին պահպանումը, որպէսզի ընկերութիւնը չկորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ընտանիքին գլուխը պէտք է ըլլայ հզօր հայր մը:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց բացայայտելու առաջնորդ եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի, ինչպէս նաեւ լուսանկարիչ Սամիր Քասսապի ճակատագիրը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հողին` ընդգծելով, որ անոնց դէմ գործուած որեւէ յարձակում իրենց դէմ յարձակում կը նկատուի: «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի աղն են, եւ ի վերջոյ մենք կա՛մ միասին կը գոյատեւենք եւ կա՛մ չենք գոյատեւեր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք պիտի գործակցի Վատիկանի հետ` ամրապնդելու համար իսլամական-քրիստոնէական յարաբերութիւնները:
Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ Ասատ Ալի Ասի ընդգծեց դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը լիբանանեան ընկերութեան առողջ դաստիարակութիւնը կ՛ուզէ, ապա ան պէտք է փոքրամասնութիւններուն արդար իրաւունքները յարգէ:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդին շահերը կարելի չէ իրականացնել` առանց միասնականութեան եւ շինիչ համագործակցութեան:
Քաղդէացիներու Մար Լուիս Ռուֆայել Ա. Սագօ պատրիարքը ընդգծեց, որ իբրեւ եկեղեցի իրենց առաքելութիւնն է Արեւելքի մէջ շեշտել միասնականութիւնը, գոյատեւման պայքարը եւ համբերութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի խօսքը փոխանցեց անոր ներկայացուցիչ շէյխ Ահմետ Քապալան: Ան նկատել տուաւ, որ այս դարուս ամէնէն վտանգաւոր բանը ուրիշին արժանապատուութիւնը ոտնակոխելու մտայնութիւնն է:
Կաթողիկէ միաբանութեան համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լորենցօ Պալտիսսէրի հաստատեց, որ չար ուժերը պիտի չկարենան տիրապետել, որովհետեւ Միջին Արեւելքը, որ քրիստոնէութեան բնօրրանն է, նաեւ համերաշխութեան եւ համակեցութեան շրջանն է:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին խօսքով: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին պսակը կը նկատէ Ս. խորհուրդ, իսկ ընտանիքը վայր մը, ուր պէտք է փոխադրել հաւատքի արժէքները: «Ընտանիքը մարդկութեան առաջին դպրոցն է, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ ընկերութիւն մը հիմնելու դպրոցը», ըսաւ ան:
Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդաժողովի բացման ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբը` Զիատ Մրատի առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ փունջ մը ազգային եւ հոգեւոր երգերով հանդէս եկան Քարոլ Աուն եւ Շատի Այտամունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.