2014-11-01 09:53:46

Կրօնաւորական ուխտերը եւ անոնց նշանակութիւնը


Կրօնաւորական զոհողութեան մասին լուսաբանութիւն տուող գլխաւորապէս կրօնաւորական երեք ուխտերն են, որոնց վրայ է հիմնուած այդ վիճակը:
Ուխտը ազատօրէն Աստուծոյ տրուած խոստում մըն է լաւագոյն բանի մը համար:
Ուխտը խոստում մըն է. պարզ առաջադրութիւն չէ, որովհետեւ առաջադրութիւնը մարդուս վրայ որեւէ պարտականութիւն չի դներ, եթէ մարդս զայն կաաարէ արժանիք կ՛ընդունի, եթէ չկատարէ թերութիւն կը գործէ եւ ոչ մեղք: Ընդհակառակն, ուխտը պայմանական տուրք մըն է :
Խոստումը ազատօրէն կը կատարուի. Ուխտը պարտաւորիչ եւ իրապէս ուխտ ըլլալու համար կը պահանջէ կատարեալ ծանօթութիւն այն բանին, որ մարդ կը խոստանայ կատարել եւ լիուլի հաւանութիւն կու տայ անոր բոլորովին ազատ կամքով գործելու :
Նորընծայութեան շրջանն արդէն հաստատուած է անոր համար, որպէսզի կրօնաւորութիւն փափագողն, այդ տարիներու ընթացքին լիուլի տեղեկանայ իր ընելիքին եւ ուխտադրութեամբ յանձն առնելիք պարտականութիւններուն:
Ուխտր գերագոյն գործ մըն է եւ միայն Աստուծոյ տրուած, եւ անով մարդս ուղղակի Աստուծոյ հետ է կապ կը հաստատէ :
Եթէ այսպիսի ուխտերով մարդս կը դաշնաւորուի Աստուծույ հետ, ասիկայ լուծելու համար հարկաւոր են ծանրակշիռ պատճառներ, եւ Եկեղեցական իշխանութիւնները քննելէ ետք` լուծուած կը յայտարարեն այդ ուխտը իր ծանրակշիռ պատճառներու համար :
Ուխտը նպատակ ունի Աստուծոյ նուիրել առանձին պաշտօն մը. ասոր համար պէտք է որ ուխտի նիւթը, առարկան ըլլայ լաւագոյն բան մը, նոյնպէս եւ կատարելն ալ աւելի լաւ, քան չկատարելը :
Սակայն լաւագոյն ըսելով բացարձակ իմաստով չենք հասկնար, այլ ասիկայ առնչութիւն ունի անձի վիճակին եւ կացութեան հետ :

Ուխտը` մեր բոլոր գործերուն գերազանց բարիք մը կ՛ընծայէ, եւ կրօնաւորի կեանքը ուխտի պարտականութիւններով հիւսուած, միշտ կրօնքի առաքինութեան յատուկ գործերու շուրջ կը դառնայ, անհուն արժանիք շահելու առիթներ կ՛ընծայէ :
Այն անձի մէջ որ յիշուած պայմաններով կը կատարէ իր ուխտը, նոյն ուխտէն կը ծնի խիստ պարտականութիւն մը, որովհետեւ ասիկայ պարզ առաջադրութիւն չէ, այլ խոստում, իսկ ամէն խոստում իր բնութեամբ մեզ կը պարտադրէ կատարելու զայն :
Եթէ անձ մը առանձին ուխտ մը կ՛ընէ, այս կը կոչուի առանձնական ուխտ, եւ ինչ որ կը պարտաւորէ ինքն իրեն պէտք է կատարէ:
Կրնայ կատարել ժամանակաւոր կամ մշտնջենաւոր ուխտ մը. կարող է ինքնիրեն պարտադրել ծանր կամ թեթեւ մեղքով. ուխտի կատարումը, կարող է սահմանել իր ուզածին պէս անպայյման կամ պայմանական ձեւով :
Վերջապէս ամէն ինչ կախում ունի ուխտաւորի անձի կամքէն. սակայն այս միայն առանձնական ուխտի համար է :
Եկեղեցւոյ կողմէն հաստատուած եւ որեւէ միաբանութեան մէջ կատարուած կրօնաւորական ուխտերը կը պարտաւորեն այնպէս, ինչպէս կը ցանկայ եկեղեցին եւ որոշակի միաբանութեան սահմանադրութիւնը :
Ուխտադիր անձը ուխտելէն առաջ ազատ է ուխտելու թէ ոչ, սակայն մէկ անգամ ուխտելէն ետք, այլեւս չի կրնար այդ ուխտերը ընդարձակել,կամ ջնջել այլ պիտի համաձայնի կանոններուն : RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.