17 Որովհետեւ չկայ գաղտնիք մը` որ բացայայտ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ պահուած բան մը` որ պիտի
չգիտցուի ու երեւան չելլէ: 18 Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ
որ ունի` պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի` անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը
կարծէ թէ ունի»: 19 Անոր մայրն ու եղբայրները եկան իրեն, բայց բազմութենէն չէին կրնար
մօտենալ իրեն: 20 Անոր լուր տուին` ըսելով. «Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայնած
են եւ կ'ուզեն տեսնել քեզ»: 21 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անո՛նք
են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն»: