2014-11-01 09:07:03

Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան դէմ սահմանափակումները դարձեալ կը քննադատուին


Նորվեկիական «Կրօնքի ազատութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութեան մասին տեղեկագիր մը հրատարակած է։ Տեղեկագիրը կը պարունակէ Յուլիս 2013էն Յունիս 2014 երկարող ժամանակահատուածին միջեւ կատարուած քննարկումներու արդիւնքը։
Այս տեղեկագիրին համաձայն՝
– Հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ մէջ մտածումի, խիղճի, կրօնքի կամ հաւատքի ազատութեան իրաւունքը օրէնքներով ճանաչում գտած է, իրականութեան մէջ լուրջ սահմանափակումներ եւ արգելքներ կան անոնց դէմ։
– Թուրքիա հաւատքի ազատութեան կապակցութեամբ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին կողմէ որոշուած օրէնքներուն հակառակ կը գործէ, եւ այս ուղղութեամբ կատարուած քննադատութիւնները սրբագրելու համար որեւէ յատկանշական քայլ չ՛առներ։
– Թէեւ մարդիկ ազատ են փոխելու իրենց կրօնքը, սակայն բոլոր անոնք, որոնք իրենց կրօնքը կը փոխեն, վիրաւորական վերաբերմունքի ենթակայ կը դառնան։
– Անձնագիրներու մէջ «կրօնք»ի բաժինը կը պահուի եւ անհատներ կը ստիպուին յայտարարելու իրենց կրօնքը։
– Պետութիւնը կը շարունակէ ճնշում գործադրել վարժարաններու մէջ ընտրովի դասերուն շուրջ։
– Քաղաքապետութիւնները տեղ կ՛ապահովեն միայն մզկիթներու եւ իսլամ յատուկ աղօթատեղիներու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.