2014-11-01 10:04:23

Ը. Կիրակի Խաչի


RealAudioMP3 Այսօրուայ սուրբ Աւետարանը կը սկսի շատ լուրջ յայտարարութեամբ եւ ազդարարութեամբ.
«Չկայ գաղտնիք որ օր մը երեւան չելլէ, եւ ոչ ալ ծածուկ բան մը որ չգիտցուի եւ չյայտնուի»: Այս ազդարարութիւնը Քրիստոսի` մեզի կը սորվեցնէ, թէ ամբողջ մեր կեանքի գաղտնիքները, զորս ամենամտերիմ եւ ամէնէն սիրելի բարեկամներուն հետ բաժնած ենք օր մը երեւան պիտի ելլեն: Նոյնիսկ եթէ գաղտնիքները մենք մեզի պահենք պիտի չհանգստանանք, որովհետեւ Աստուծոյ աչքը մեր շուքին պէս մեզի կ՛ընկերանայ ուր որ երթանք: Վա՛յ մեզի ուրեմն եթէ կարծենք թէ պիտի կարենանք փախչինլ Աստուծոյ բարկութենէն, երբ մեր գէշ դիտաւորութիւնները եւ գործերը ծածկենք: Ասիկայ անհատական գետնի վրայ:
Գալով հասարակական գետնին, այսօր բոլոր պատերազմները եւ փախումները իրենց ցաղտնի եւ ծածուկ դրդապատճառները ունին: Մինչեւ օրս, շատեր կը կարծէին թէ Սուրիոյ պատերազմին գաղտնի դրդապատճառը զուտ քաղաքական է` վար առնել սուրիոյ կառավարութիւնը, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ: Պատերազմին գլխաւոր դրդապատճարը` կրօնական ծայրահեղ նպատակ է, այսինքն` իսլամացնել երկիրը, եւ միջին արեւելքը նաեւ: Այսօր պետութիւններ կան որոնք միլիարներ կը թափեն այդ նպատակը իրականացնելու համար:
Աւետարանը կը ներկայացնէ նաեւ այն դրուագը ուր Մարիամ եւ Յիսուսի եղբայրները կու գան զինքը տեսնելու: Յիսուս կը պատասխանէ. «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զայն կը կատարեն»: Ուստի չի բաւեր ըսել Աստուծոյ խօսքը գեղեցիկ է, խոր է կամ հարուստ է: Աստուծոյ խօսքը կը պահանջէ որոշում: Կամ այո՛ կամ ո՛չ: Աստուծոյ խօսքը կը պահանջէ արդարութիւն, կը պահանջէ ողորմութիւն: Աստուծոյ խօսքը կը պահանջէ սէր` սիրել մերձաւորը մեր անձերուն պէս: Կը պահանջէ ներում, կը պահանջէ զոհողութիւն եւ խաչն առնել ամէն օր:
Լսելը առանձին իմաստ չունի, պէտք է միշտ շարժինք: Աստուծոյ խօսքը կը ստիպէ այո կամ ոչ ըսելու: (կը սիրեմ- չեմ սիրեր): Լաւ քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակէր յաճախել եկեղեցի եւ Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընել: Ճշմարիտ քրիստոնեան այն անձն է որ ի գործ կը դնէ իր լսածը, եւ կը շարժի Աստուծոյ կամքին համաձայն:
Որքան սակաւաթիւ են մեր օրերուն, Աստուածասէր, ճշմարտասէր եւ պարտաճանաչ հոգիները: Ոմանք Աստուծոյ խօսքը ամենեւին չեն լսեր, ոչ ալ կ՛ուզեն լսել: Աստուծոյ կենսապարգեւ խօսքը ձանձրոյթ կը պատճառէ իրենց: Իրենց ժամանակը կ՛անցնեն բոլորովին ունայն բաներով, յաճախ մեղքով ալ եւ բնաւ չեն մտածեր Աստուծոյ խօսքը լսելու: Ուրիշներ ալ Աստուծոյ խօսքը սիրայօժար կը լսեն, բայց հարցը զայն գործադրելու մէջ է: Անոնք քաջութիւն չեն ունենար, որովհետեւ չեն ուզեր իրենք զիրենք մահացնել, բռնութիւն բանեցնել իրենց անձերուն վրայ, թուլամորթ են, իրենք զիրենք կը յանձնեն բնական հակումներու գիրկը, գոհացում կու տան իրենց անկարգ կիրքերուն: Ս. Պօղոս կ՛ըսէ. « Եթէ մարդոց ուզենայի հաճելի ըլլալ` Աստուծոյ առաքեալը չէի ըլլար»:
Մէկ խօսքով ըլլանք Աստուծոյ խօսքը լսողներ եւ գործադրողներ: Մշակենք մեր միտքը աստուածգիտութեամբ, կրօնագիտութեամբ եւ զօրացնենք մեր կամքը պարտաճանաչութեամբ: Թող մեր Տէրը մեզի օգնէ իր կամքը փնտռելու, որպէսզի կարենանք զինք իրապէս սիրել եւ ծառայել մեր կեանքի բոլոր ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.