2014-11-01 12:18:42

''Աղօթենք Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար'' հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը նոյեմբեր մէկի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռ.Վ. 1 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ նոյեմբեր մէկին, Ամենայն սրբոց տօնին օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին` հազարաւոր մարզիկներ որոնք առաւօտեան մասնակցած էին` ''Սուրբերու Վազքը'' մարաթոնին։
Աղօթքէն առաջ կատարած խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Նոյեմբեր ամսուայ առաջին երկու օրերը` հաւատքի, աղօթքի եւ ''կեանքի վերջին'' պահերու մասին խորհրդածութեան ուժեղ առիթներ են։ Արդարեւ – ըսաւ Ան – կը տօնախմբենք ննջեցեալներուն օրը։ Երկրի ուխտաւոր Եկեղեցին կ՛ապրի եւ ծէսին միջոցաւ կը յայտնէ իր հոգեւոր կապը որ զինք կը միաւորէ Երկնային Եկեղեցւոյ հետ։ Այսօր մենք Փառք կու տանք Աստուծոյ, բոլոր ժամանակներուն բազմաթիւ սուրբերուն համար ու միաժամանակ կը յիշատակենք մեր ննջեցեալները։ Այսօրուայ տօնակատարութիւնը մեզ կ՛օգնէ վերապրելու քրիստոնեայ հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւն մը որ կը դաւանինք հաւատամքին մէջ` ''սուրբերու հաղորդութիւնը''։ Հաղորդութիւն մը որ ծնունդ կ՛առնէ հաւատքէն եւ կը միացնէ բոլոր անոնք որ Քրիստոսի կը պատկանին սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի զօրութեամբ։
Հոգեւոր միութիւն մը որ չի խախտիր մահով` այլ կը շարունակուի յաւիտենական կեանքին մէջ։ Մենք երկրի վրայ ու անոնք յաւիտենականութեան մէջ կը կազմենք մէկ ու մեծ ընտանիք մը։ Այս միութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի ծիսակատարութեան մէջ, յատկապէս սուրբ հաղորդութեան մէջ, ուր կը հանդիպինք կենդանի Յիսուսին ու Անոր միջոցաւ կը միանանք մեր հաւատքի եղբայրներուն հետ ։ Մխիթարական է գիտնալ որ Երկինք գացող մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ կը սպասեն ու մեզի համար կ՛աղօթեն որպէսզի մենք ալ օր մը կարենանք իրենց հետ միասին դիտել Հօր նախախնամական ու փառաւոր դիմագիծը։
''Միասնաբար աղօթենք բոլոր Սուրբերուն Թագուհիին` Աստուածամօր, որպէսզի մեզ օգնէ վեհանձնութեամբ պատասխանելու Աստուծոյ հաւատարմութեան որ մեզ կը կանչէ սրբութեան, այնպէս ինչպէս Ինք Սուրբ է'' ըսաւ Քահանայապետը ու արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք հրաւէր ուղղեց հաւացեալներուն աղօթելու Սուրբ Երկիրն համար, ''որ այս օրերուն դարձաւ լարուածութիւններու վայր'', որպէսզի դառնայ Աստուծոյ մարդկային ընտանիքին համար ուզած խաղաղութեան նշան։
Սրբազան Հայրը հուսկ ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն վերյիշելով Սպանիայի մէջ երանելի հռչակուած Աստուծոյ ծառայ Փիէթրօ Ասուա Մէնտիան ու յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ''Սուրբերու Վազքը'' մարաթոնին մասնակցողներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նշեց թէ յետմիջօրէին, Հռոմի Վերանօյի գերեզմանատան մէջ պատարագ պիտի մատուցէ ննջեցեալներու հոգւոյն դիտաւորութեան ու ապա բոլորին մաղթեց բարի տօնախմբութիւն մը, ուրախալի այն համոզումով թէ մաս կը կազմենք Սուրբերու մեծ ընտանիքին։
Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար ու բարի օր - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.