2014-10-31 10:25:42

Կուատալուփէի Տիրամօր տօնին օրը ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ պիտի հանդիսապետէ համապատարագի սուրբ արարողութիւնը։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ 12 Նոյեմբերին , տօնն է Կուատալուփէի Տիրամօր` համայն Լատին ամերիկայի պաշտպան սրբուհի, այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կուատալուփէի Տիրամօր ի պատիւ հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Անոր բարեխօսութիւնը հայցելով Լատինամերիկայի ժողովուրդներու աւետարանացումին, անոնց մարդկայնական աճումին, խաղաղութեան ու քոյր ազգերու միջեւ արդարութեան ու սերտ միութեան հաստատումին։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` 12 Դեկտեմբեր 2011-ին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս ոգեկոչած էր Կուատալուփէի Տիրամօր տօնը։
Նախքան ս. պատարագը, ժամը 16.45-ին,նախատեսուած է Լատինամերիկայի բոլոր երկիրներու դրօշակներու թափօրը. ընկերակցութեամբ Կուատալուփէի Տիրամօր սրբանկարին, ապա ս. վարդարանի աղօթք ու Լատինամերիկայի ժողովրդական Մարերեան տաղերու կատարողութիւն։ Պատարագին երգեցողութիւնը կը ղեկավարէ երաժշտահան Արիէլ Ռամիրեզի որդին` ֆաքունտօ Ռամիրեզ, այդ կարելի եղաւ շնորհիւ Արժենթինայի նախագահութեան համագործակցութեան։ Նշենք որ 50 տարի առաջ երաժշտահան Արիէլ Ռամիրեզ իր ստեղծագործ պատարագը ներկայացուց երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետին։
Ամէնուն յայտնի է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին որդիական սէրն ու բարեպաշտութիւնը հանդէպ Կուատալուփէի Տիրամօր, որուն սուրբ Խուան Տեկոյի երեւումը եղաւ որպէս ողջագուրումի մարգարէական նշան. ողջագուրում մը որ կը պարուրէ համայն Լատինամերիկայի բնակիչները։
Պատարագին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը եկեղեցական թէ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ինչպէս նաեւ հռոմաբնակ լատինամերկացիներուն։ Բնականաբար հրաւէրը ուղղուած է բոլոր հռոմէացիներուն եւ ուխտաւորներուն։ Պատարագը պիտի պատկերասփռուի բոլոր ցամաքամասերու երկիրներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.