2014-10-31 09:49:47

Արեւելեան եկեղեցիներու խաղաղութեան կոչը Ուկրանիոյ եւ Միջին Արեւելքին ի նպաստ։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ''Արեւելեան եկեղեցիները'' ու ''համամիութիւն'' վաւերաթուղթերու հրապարակումին 50-րդ տարեդարձին եւ Ուկրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ օրինաւորումին 25-րդ տարեդարձին առթիւ, Եւրոպայի արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները համաժողով գումարած են հին Լւովի մէջ որուն աւարտին խաղաղութեան կոչ մը ուղղեցին Ուկրանիոյ եւ Միջին Արեւելքին համար։
Պատգամին մէջ կը կարդանք. ''Ուկրանիայի ժողովուրդին կը յայտնենք մեր աղօթքը, մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը զինեալ ընդհարումին հետեւանքով բնակչութեան ապրած տառապանքին համար։ Մեր աղօթքն է որ շուտափոյթ վերջ գտնէ պատերազմը ու վերահաստատուի խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը։
Կոչը ուղղելով Միջին Արեւելքի ողբալի իրավիճակէն տառապողներուն, հայրապետները կը գրեն. այդ աշխարհամասի Խաղաղութեան ու հաշտութեան հաստատումին համար հարկաւոր է միջազգային հասարակութեան միջամտութիւնը։ Անոնք կ՛ընդգծեն թէ ''հարկաւոր է նոր սերունդը կրթել երկխօսութեան'' ։
Վատիկանեան զոյգ վաւերաթուղթերու մասին արտայայտուելով եպիսկոպոսները կ`ընդգծեն դերն ու սատարը արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեն իրենց իրաւունքը հոգ հոգւոցով զբաղելու հոն ուր որ ալ գտնուին իրենց հաւատացեալները, ինչպէս նաեւ կը մատնանշեն Աւետարանը քարոզելու իրաւունքը ։ Եպիսկոպոսները կը հաստատեն նաեւ որ Քրիստոսի միակ եկեղեցւոյ մէջ բաժանումները անբնական եկեղեցաբանութիւն է։ Մեր յանձնառումը կը յայտնենք որպէսի Քրիստոսի Եկեղեցին դառնայ մէկ եւ անբաժան, հակառակ համամիութենական ճանապարհի խոչընդոտներուն - հաստատած են եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.