2014-10-31 10:48:44

Ամուսիններու փոխադարձ յարաբերութիւնները


RealAudioMP3 Մարդուն առաջին պարտականութիւնն է իր կնոջ հետ վարուիլ անուշութեամբ եւ վայելուչ կերպով: Ան պէտք է յիշէ որ Ադամ` Եւան կոչեց իր ընկերը, երբ ըսաւ. « կինը, զոր ինծի տուիր իբրեւ ընկեր» (Ծննդ. 3, 12): Այս պատճառին համար, կարգ մը Ս. Հայրեր նշած են, թէ կինը չշինուեցաւ մարդուն ոտքէն (որպէսզի չանարգուէր), եւ ոչ ալ գլխէն (որպէսզի չհպարտանար), այլ կողէն, որպէսզի յարգուէր իր ամուսինէն, անոր հպատակ ըլլալով հանդերձ:
Երկրորդ, մարդ պէտք է վայելուչ գործ մը դարձնէ, որպէսզի ապրեցնէ իր ընտանիքը եւ չթուլնայ ծուլութեան մէջ, ինչպէս կարգ մը ընկերութիւններուն մօտ, ուր կը տեսնենք կին արարածը աշխատող, իսկ մարդը տունը նստած: Ուստի ծուլութիւնը բոլոր մոլոթիւններուն աղբիւրն է:
Երրորդ, մարդը պէտք է կառավարէ իր ընտանիքը, շտկէ եւ ուղղէ անդամներուն բարքերը եւ իւրքանչիւրը մղէ իր պարտականութեան:
Գալով կնոջ, ունի զանազան պարտականութիւններ, սակայն լսենք Սուրբ Պօղոս ի՛նչ կը խօսի կիներուն մասին. « թող կիները հնազանդ ըլլան իրենց ամուսիններուն, որպէսզի խօսքին չհաւատացողները, կիներու բարի վարքը տեսնելով, առանց խօսքի շահուին, երբ անոնք տեսնեն ձեր մաքուր բարքերը եւ միանգամայն ձեր յարգանքը անոնց հանդէպ: Մի՛ զարդարուիք, դուրսը, ձեր մազերուն յարդարումով, ոսկիէ զարդերով եւ գեղեցիկ զգեստներով. այլ` զարդարեցէք ձեր ներքինը` հեզ եւ խաղաղասէր ոգիի մը անապակ մաքրութեամբ. ասիկա ճոխ զարդ մըն է, Աստուծոյ աչքին: Այսպէս կը զարդարուէին, ատենօք, սուրբ կիները, որոնք Աստուծոյ վրայ կը յուսային եւ կը հնազանդէին իրենց ամուսիններուն: Այսպէս էր Սարա, որ կը հնազանդէր Աբրահամի եւ զինք կը կոչէր իր Տէրը (Ա. Պետր. 3, 1-2):
Կիներուն ուրիշ յոյժ կարեւոր պարտականութիւն մը. իրենց զաւակներուն դասիարակութիւնը: Ծնողքին սէրը հանդէպ իրենց երեխաներուն, տղոց վստահութիւնը հանդէպ իրենց ծնողքին, անոնց յարատեւ միութիւնը էական են իւրաքանչիւր դաստիարակութեան մը մէջ: Ծնողները պարտին ըլլալ բարի օրինակ, որպէսզի զաւակները իրենց նմանութեան ճիգը հաստատեն բարի եւ դրական արժանիքներու վրայ:
Կեանքի պարգեւը տալով զաւակներուն, անոնց է նաեւ պարտականութիւնը սորվեցնելու, ինչ որ անհրաժեշտ է, որպէսզի անոնք վարեն կատարեալ մարդկային կեանք մը: Խօսքով եւ գործով կը հաղորդեն իրենց զաւակներուն, ինչ որ անհրաժեշտ է գիտնալ ներդաշնակ զարգացման համար ֆիզիքական եւ իմացական կեանքին, որպէսզի հասնին հոգեւոր հասունութեան:
Որեւէ դաստիարակութեան մէջ առաջնակարգ տեղ ունին խստութեան եւ քնքշութեան չափերը: Կարելի չէ անընդհատ սիրել երեխային, անընդհատ գովասանքի արժանացնել, խրախուսել, կատարել անոր բոլոր պահանքջները կամ ընդհակառակը, երեխային անընդհատ պարսավանքի ենթարկել, պատժել եւ այլն: Այս բոլորը պէտք է ըլլան չափաւորուած ու դուրս չգան անհրաժեշտութեան սահմաններէն:
Հօր հեղինակութիւնը միացած մօր գուրգուրանքին ու սէրին, անփոխարինելի գործօններն են իրենց զաւկին ֆիզիքական, զգացական, հոգեբանական աճումին եւ նկարագրին ամբողջական կազմաւորումին համար: Զաւակին արբունքի շրջանին, ծնողքը պէտք է արթնցնեն անոր հոգիին մէջ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի ան ապագային կարենայ ընտրել իր կեանքի ուղին: Որքան ցաւալի է այն զաւակներուն վիճակը, որոնք կ՛ապրին իրարու անհաշտ, բաժնուած ընտանեկան բոյնի մը մէջ, առանց հօր կամ մօր յարատեւ ներկայութեան: Որքան վատ ազդեցութիւն կը գործեն զաւակին հոգեբանութեան վրայ ծնողաց անվերջանալի կռիւները կամ անպարկեշտ կենցաղը: Ընդհակառակն` որքան տպաւորիչ է ծնողքին բարի օրինակը, զոր կու տան իրենց զաւակներուն, երբ իրենց անհասկացողութիւնները կը փարատեն վերադառնալով իրենց սիրալիր կենակցութեան: Ընտանիքը բազմաթիւ սերունդներ հայթայթելով, կը հանդիսանայ մարդկային ընկերութեան անկիւնաքարը:







All the contents on this site are copyrighted ©.