2014-10-30 12:17:12

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 30 հոկտեմբերի քարոզը ''Սատանան առասպէլ մը չէ, ճշմարտութեան զէնքով կը յաղթահարուի''։


''Քրիստոնեային կեանքը պայքար մըն է սատանային, աշխարհի եւ մարմնի հաճոյքներու ընդդէմ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերի, առաւօտեան , Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Սուրբ Պօղոսի
Եփեսացիներուն ուղղուած թուղթէն՝ ուր Առաքեալը կը խօսի սատանային մասին
Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ պէտք է պայքարիլ սատանային դէմ
Ճշմարտութեան զէնքով։

Հոգեւոր կեանքի մէջ ընթանալու համար քաջութեան եւ ուժի կարիքը ունինք, որպէսզի կարենանք մեր պայքարը մղել։ Պարզ պատերազմ մը չէ ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը այլ յարատեւ պայքար քրիստոնէական կեանքի թշնամիին ընդդէմ՝
որ յառաջ եկած է սկզբնական մեղքէն ։
Ներկայ սերունդին, սատանան ներկայացուած է որպէս առասպել, եւ որպէս քէշ գաղափառ մը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը վերահաստատեց, թէ սատանան գոյութիւն ունի, առասպել մը չէ եւ թէ անոր դէմ պէտք է պայքարիլ։

Քահանայապետը հուսկ քարոզը եզրափակեց յորդորելով, թէ պէտք ունինք փրկութեան սաղաւարտին եւ Սուրբ Հոգիին նիզակին`Աստուծոյ խօսքին, ու ապա հրաւիրեց ներկաները միշտ հսկելու յարատեւ աղօթքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.