2014-10-30 12:46:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 30 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 30 հոկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ` Մարթին Շուլցը ու ապա յաջորդաբար ընդունեց գերապայծառ Ատրիանօ Պերնարտինի` Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի հանրապետութիւններու մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Հէնրիք Ժոզէֆ Նովազքի` Իսլանդայի, Տանիմարքայի, Ֆինլանտայի եւ Նորվեկիայի մօտ առաքելական նուիրակ ու ապա ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ, Ութրէխ միութեան հին կաթողիկէ անուանուած եպիսկոպոսներու միջազգային խորհրդաժողովի պատուիրակութեան անդամները։ Հուսկ ընդունեց գերապայծառ Խօսէ Ռաուլ Վէրա Լոփեսը` Մեքսիքայի Հէրմոզիլլօ թեմին եպիսկոպոսը։
Յայտնենք որ յառաջիկայ 25 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը միօրեայ այցելութիւն պիտի կատարէ Եւրոպայի խորհրդարանին եւ Եւրոխորհուրդին, ուր առաջին անգամն ըլլալով պիտի հանդիպի եւրոպացի 751 երեսփոխաններուն։ Նախագահ Մարթին Շուլցը վատիկանը կ՛այցելէ պատրաստելու համար սոյն ճամբորդութիւնը եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայացնելու խորհրդարանի ներկայ իրավիճակը, վերջերս տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք'' յայտնած է եւրոպական պատուիրակութեան մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը։
Ութրէխ միութեան եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթանք յայտնեց որ այս այցելութիւնը հանդիսանայ պտղաբեր առիթ մը, խորհրդածելու համար համամիութենական ճանապարհորդութեան ընթացքի մասին, ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ''Unitatis redintegratio'' վաւերագիրի յիսուն ամեակին, որով սկիզբ առաւ համամիութենական նոր դարաշրջան մը որ յատկանշուեցաւ Քրիստոսի աշակերտներուն միութեան փնտռտուքի յանձնառումով։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց Կաթողիկէ – Հին Կաթողիկէ միջազգային յանձնախումբի միջեկեղեցական երկխօսութեան գործունէութեան, ի սպաս միութեան, յայտնելով թէ կարելի է գործօն համագործակցութեան կամուրջներ կառուցել թէեւ – նկատել տուաւ Քահանայապետը – տարիներու ընթացքին մեր միջեւ միութեան քայլերը յառաջդիմութիւններ արձանագրեցին, սակայն շատ անգամ տեղի ունեցան նաեւ անհասկացողութիւններ որոնք մեզ իրարմէ հեռացուցին։ Այսօրուայ մարտահրաւէրը, որուն դիմաց կը գտնուինք, այն է շարունակել մեր միասնական ճանապարհորդութիւնը, Աստուածաբանական երկխօսութիւնը, միասնական աղօթքն ու համագործակցութիւնը, ապաշխարութեան հոգիով եւ Քրիստոսի կամքով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յայտնեց թէ երկու կողմերն ալ բաժանումի ընթացքին, մեղանչեցին եւ թէ հարկաւոր է դիմել փոխադարձ ներումի եւ խոնարհ ապաշխարութեան, որպէսզի կարենանք ամրապնդել հաշտութեան եւ խաղաղութեան իղձը։
Դէպի միութիւն տանող ճանապարհորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ սրտի բարեփոխումէն, ներքին ապաշխարութենէն. Հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մը հանդիպումէն` բարեկամութիւն, բարեկամութենէն` եղբայրութիւն եւ եղբայրութենէն հաղորդութիւն։
''Հարկ է միշտ պատրաստակամ ըլլալ ունկնդրելու Սուրբ Հոգւոյն թելադրանքը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ճշմարտութեան լիութիւնը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց Եւրոպայի շփոթ ինքնութեան ուր կարելի է համագործակցաբար աշխատիլ համապատասխանելու համար հոգեւոր խոր ճգնաժամի որ կը հարուածէ անհատներն ու ընկերութիւնը։
''Աստուծոյ ծարաւը կայ եւ խոր իղձ մը վերագտնելու կեանքի իմաստը ինչպէս նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւնը Աւետարանի արժէքներուն եւ ճշմարտութեան հաւատքի վկայութեան'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով իրարու համար աղօթելու եւ գերազանցելու տարբերութիւնները, Տիրոջ եւ Իրեն Աւետարանին հաւատարմութեան յանձնառումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.