2014-10-30 12:22:55

Վատիկանի մնայուն դէտին միջամտութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ։


Իսրայէլի թէ Պաղեստինի երկու պետութիւններու ստեղծումին հարկաւորութիւնը։

(Ռ.Վ. 30 հոկտեմբեր 2014) Ս. Աթոռը կը շարունակէ մտահոգութեամբ ու շահագրգռութեամբ հետեւիլ Միջին Արեւելքի հարցով, ընդգծեց գերապայծառ Աուզա` ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, խօսք առնելով Միջին Արեւելքը ու պաղեստինեան հարցը նիւթին մասին։
Վատիկանի դիւանագէտը մատնանշեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի կացութեամբ, պահանջելով յարգանքը մարդկայնական միջազգային օրէնքին։
Ան ապա դիտել տուաւ որ միջազգային հասարակութիւնը կարող է իրականացնել պաղեստինցիներու պետութիւն ունենալու պահանջատիրութիւնը։ Գերապայծառ Աուզա ակնարկեց Սուրիոյ ահաւոր եւ ողբալի կացութեան մասին եւ անգամ մը եւս արտայայտեց Ս. Աթոռի նեցուկը անկախ եւ ազատ Լիբանանի մը։ Ս. Աթոռը մասնաւորապէս կը խնդրէ պաշտպանութիւնը ցեղային թէ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որոնք թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներուն։
Հուսկ գերապայծառ Աուզա կոչ ըրաւ աշխարհի կրօնապետերուն, որպէսզի գործեն միջկրօնական երկխօսութեան ի խնդիր, դատապարտելով կրօնի շահագործումը բռնութեան արդարացումին։
Նշենք որ վերջերս Իրաքցի աւելի քան 700 քրիստոնեայ ընտանիքներ, իսլամական պետութեան յարձակումէն ի տես պարտաւորուեցան Մուսուլէն հեռանալ ապաստան գտնելովՊաղտատի մէջ։ Գաղթականութեան նախարարութեան գնահատումներու համաձայն Պաղտատ ապաստան գտած են 19 հազար հոգիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.