2014-10-30 09:52:52

''Յորդանան գետի ափին Հայկական Եկեղեցւոյ բացումը խորհրդանիշ է Հայ-Յորդանանեան բարեկամութեան'' կ՛ըսէ Ապտալլա Բ. Թագաւոր։


Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.ի հրաւէրով ,29 Հոկտեմբերին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սկսաւ Ամմանի իր պաշտօնական այցելութիւնըշ, Թագաւորին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած` նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.ի առանձնազրոյցով որուն ընթացքին երկու երկիրներուն ղեկավարները անկեղծ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անդրադարձան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխշահաւէտ ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարին:
Զրուցակիցները երկուստեք յանձնառութիւն ստանձնեցին քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման ու առկայ ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման, երկուստեք վերահաստատելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները հիմնուած են բարի կամքի, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխվստահութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան վրայ:
Նախագահ Սարգսեանի եւ Ապտալլա թագաւորին միջեւ կայացած դռնփակ զրոյցէն ետք երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-յորդանանեան համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման վերաբերող փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւն։
Ի պատիւ պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Յորդանանի թագաւորը ճաշկերոյթ սարքած է որուն ընթացքին արտասանած իր ծօսքին մէջ ողջունած է Հայաստանի նախագահի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Յորդանան ընդգծելով որ իր երկրին մէջ մեծ հպարտութեամբ կ’ընդունին Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող առանձնայատուկ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ, ըստ Յորդանանի թագաւորին, եղած են շատ խոր կապեր: Այդ առումով ան յիշատակած է իր հօր եւ մեծ հօր ջերմ ու բարեացակամ վերաբերումը հայերուն նկատմամբ եւ անոնց օժանդակութիւնը հայ ժողովուրդին: Թագաւորը ընդգծած է, թէ ոչինչ աւելի լաւ կը խորհրդանշէ հայ-յորդանանեան բարեկամութիւնը, քան Յորդանան գետի ափին այսօր տեղի ունենալիք հայկական եկեղեցւոյ բացումը: Յորդանանի թագաւորը նշած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեամբ նոր էջ կը բացուի հայ-յորդանանեան երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ եւ յոյս յայտնած է, որ այս այցելութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ միջպետական յարաբերութիւններն ու երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս շեշտած է, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, եւ ան յատկապէս դրսեւորուած է հայ ժողովուրդին համար ողբերգական պահուն, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’իրականացուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է արաբ ժողովուրդին, որ առաջիններէն է, որ ապաստան տուաւ ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդի մէկ հատուածին` դժբախտութեան ժամանակ դառնալով մեր մեծագոյն բարեկամներէն մէկը:
Յայտնենք նաեւ թէ Յորդանան կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ամմանի պաշտօնակիցին հետ համաձայնագիր մը ստորագրած է՝ Երեւանն ու Ամմանը քոյր քաղաքներ հռչակելու վերաբերող։








All the contents on this site are copyrighted ©.