2014-10-30 10:06:06

Հայ ժողովուրդին հանճարներէն նկատուած նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած դասախօսական երեկոյ:


Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան, երէկ` երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դանիէլ Վարուժան. Ցեղին հանճարը» վերնագիրով դասախօսական երեկոյ մը:
Հանդիսավար Լորի Եթերեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ բարձր գնահատեց նման երեկոյի մը կազմակերպումը, մանաւանդ երբ նուիրուած է նահատակ բանաստեղծի մը: Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կեանքին եւ բանաստեղծական ստեղծագործութեան արժէքներուն, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ձգած են հայկական մշակութային եւ գրական կեանքին վրայ` Վարուժանը որակելով հայկական եւ համամարդկային արժէք ունեցող բանաստեղծ: Պատգամախօսը իր ներկայացումին ընթացքին բանաստեղծական կտորներ մէջբերելով ներկայացուց Վարուժանի լաւագոյն գործերը` «Հացին երգը», «Ցեղին սիրտը», «Սարսուռներ» եւ «Հեթանոս Երգեր»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Եւա Ղազարեան, որ ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը, իսկ Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն:
Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ գնահատեց ձեռնարկը նախաձեռնողներուն աշխատանքը, յատկապէս պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանին ներկայացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.