2014-10-29 08:45:31

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Բամբասանքը եւ Ընկոյզի Պարկերը

Մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի խանգարիչ տարրերէն է բամբասանքը, որուն հետեւանքները անպայման կը կրեն ե՛ւ բամբասողը ե՛ւ բամբասուողը, համեմատութեանց որոշ տարբերութիւններով:
Շատեր կրնան համաձայնիլ մեզի հետ, եթէ ըսենք թէ՝ բամբասելը, բամբասանք սիրելու հարց է, այդ ունակութեան ատակ ըլլալէ աւելի: Որովհետեւ մէկը կրնայ ատակ ըլլալ լաւապէս բանաձեւելու իր մտածումները կամ կրնայ հաւաստիացնող լեզու ունենալ եւ կամ ճշմարտախօսի տպաւորութիւն թողուլ շրջապատին վրայ, սակայն իր ամբողջ խօսածը կրնայ բամբասանք ըլլալ պարզապէս: Ընտանեկան տագնապի մէջ յայտնուած մէկը կ՛ըսէր, թէ իր կինը ամէն ինչ շուկայէն նոր կ՛ուզէ գնել, բացի բամբասանքէն, զոր «երկրորդ ձեռք» ապրանք իբրեւ կ՛ընդունի ունենալ…
Բամբասանքին մայրը հակառակութիւնն է: Այստեղէն ծնունդ առած այս «վիժուածքը» ոմանք կ՛ընդունին այնպէս, ինչպէս որ է, եւ զայն կը փոխանցեն ուրիշին այնպէս, ինչպէս լսած են: Սակայն կան ուրիշներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ մանրամասնութեանց մէջ չեն ուզեր մտնել, սակայն իրենց խօսակիցին կը բաւարարուին ըսելով, թէ իրենց լսածէն աւելին փոխանցած են արդէն… Յաւելումներու վարպետներն են ասոնք: Երանի՜ թէ գործաւոր դասակարգին նիւթական յաւելումներ կատարելու նուիրուէին անոնք, որպէսզի յաւելում կատարելու դրական ընթացքի մէջ մտնէին: Ի վերջոյ լսուած բամբասանքին վրայ յաւելում կատարելը մասնաւոր վարպետութիւն ալ չի՛ պահանջեր, այլ՝ լսուածը մաղելով ճշմարտութեան մօտեցնելուն մէջ է իսկական վարպետութիւնը…
Բամբասողներուն ամէնէն տգէտները կը նմանին ըկոյզի պարկերու: Գիւղացին, երբ ընկոյզը թափ տայ ծառէն ու կանաչ կճեպները մաքրերով պարկի մէջ լեցնէ ու քաղաք բերէ, ճամբու եզրին կը դնէ՝ յաճախորդներ հրաւիրելով: Երբ բաւական սպառի պարկերուն մէջ լեցուած ընկոյզը, պարկերը կը սկսին փուլ գալու եւ ատեն-ատեն կ՛ուղղէ զանոնք: Ինչքան ալ շարժէ այդ պարկերը, միշտ ալ ձայն կու գայ անոնց մէջէն, նոյնիսկ եթէ երկու հատիկ մնացած ըլլայ մէջը: Բամբասողներն ալ այդ պարկերուն կը նմանին: Երբ որ ալ «շարժէք» զանոնք, պատրաստ են բամբասելու որեւէ նիւթի մասին, որ կապ ունի այս կամ այն անձին հետ:
Բամբասելը կեղծ արուեստներու շարքին կարելի է դասել:
Մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ «Կեղծ արուեստը» այնպիսի «արուեստ» է, որով մարդ «ոչինչ կ՛ըսէ, սակայն ամէն ինչ ըսած կ՛ըլլայ»:
Կեանքի փորձառութեամբ հարուստ մարդիկ կ՝ըսեն թէ «ընդհանրապէս իգական սեռը շատ հետաքրքրուած կ՝ըլլան բամբասանքով, սակայն չեն կրնար յանցաւոր նկատել կիները իրենց այս ունակութեան համար, պարզապէս սովորական զրոյցին ու բամբասանքին միջեւ ընդհանրական գիծեր տեսնելով»: Հակառակ իրենց այս բարի հաստատումին ու դրական մօտեցումին, անոնք կ՛ըսեն, թէ երեք կիներու միջեւ ընթացող խօսակցութիւնը ա՛յն ատեն բամբասանքի կը վերածուի, երբ անոնցմէ մէկը հրաժեշտ առնէ միւսներէն… Իսկ երբ երրորդը հետագային լսելով հարց տայ, թէ ինչո՞ւ բամբասած են զինք իր մեկնումէն ետք, անոնք կ՛ըսեն. «Պարզապէս յստակացումի կէտեր կային, ու մեր կասկածները ուզեցինք փարատել»:
Փորձառու բարի խրատատուները նաեւ շեշտելով այն ցաւալի հետեւանքներն ու աւերները, որոնք տեղի կ՛ունենան բամբասողներու «շնորհալի պարտաճանաչութեամբ», զանոնք կը նմանցնեն բեռնակիրներու, որոնք ասոր-անոր «բեռները» կը կրեն մէկ տունէն միւսը. եւ իբրեւ վերջին եզրակացութիւն, անոնք կ՛ըսեն, թէ որեւէ տեղ բամբասանքը դադրեցնելու միակ կերպը, բոլորին միատեղ լռեցնելն է:
՜՜Բամբասանքը՝՝ յաճախ մաքուր պատին վրայ թափուած ցեխի կը նմանի, որ եթէ նոյնիսկ չկպչի պատին, վար թափուելէն ետք անպայման կեղտոտ հետքեր կը թողու իր ետին:
Գիւղացիներուն չենք կրնար արգիլել իրենց ընկոյզի պարկերը քաղաք բերելն ու վաճառքի դնելը: Սակայն կարեւորը այդ պարկերէն եկող ձայներուն ականջ չտալն է, որպէսզի գիւղացին իր գործին նայի, իսկ մենք ալ շարունակենք մեր աշխատանքը իրագործել այնպէս, ինչպէս ծրագրած էինք, կեանքի մէջ անպայման յաջողելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.