2014-10-29 09:31:29

Թուրքիա կ՛ուզէ Ալպանիայի մայրաքաղաքին մէջ կառուցանել պալգանեան շրջանի ամենամեծ մզկիթը։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Թուրքիոյ պետութեան կրօններու հիմնադրամի տնօրէնը' մամուլին յայտնած է որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մտադիր է Ալպանիայի Թիրանա մայրաքաղաքին մէջ կառուցանել պալգանեան աշխարհամարի ամենամեծ մզկիթը։ Անիկա պիտի ունենայ չորս գմբէթներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ 4.500 հաւատացեալ։
Թիրանայի կեդրոնը ներկայիս ունի փոքրիկ մզկիթ մը, մինչ մայրաքաղաքին մէջ կ'ապրին մահմետականներու 70 տոկոսը։ Մեծ մզկիթին առընթեր պիտի կառուցուին դասախօսութեան սրահ մը, երկու ցուցասրահներ եւ թանգարան մը։ Յայտնենք որ աւանդաբար Թուրքիան կը նկատուի պալգանեան մահմետական ժողովուրդներու պահապանը ։
Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 28-30 Նոյեմբեր 2014 Անգարա եւ ապա Իսթանպուլ պիտի այցելէ։ Այս երեք օրերու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը իր նախորդը` Պենետիկտոս ԺԶ-ի նման պիտի այցելէ կապոյտ մզկիթը, որ նախապէս եղած է յունական եկեղեցի մը` Այա Սոֆիա անուան տակ։ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը Այա Սոֆիան կատարած այցելութեան ընթացքին չոգած ու աղօթած էր իր այս ժէսթով հրահրելով թուրքերուն զայրոյթը ։ Յայտնենք ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թուրքիա այցելութեան գլխաւոր պատճառն է հանդիպում ունենալ Կ.Պոլսոյ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.