2014-10-29 08:48:10

Թարգմանչաց երրորդ տօնակատարութիւնը՝ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ


Բանախօսութիւն՝ նուիրուած Յովհաննէս Շիրազին
28 Հոկտեմբեր 2014-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հայր Անտոն ծ. Վրդ. Ադամեան Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժանմունքի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը վերածեց հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ հայ գրականութեան ոգեւորիչ դասի՝ ընդմէջէն Յովհաննէս Շիրազի նուիրուած իր դասախօսութեան, որ վստահաբար երկար ժամանակ պիտի մնայ բոլոր ներկաներուն յիշողութեան մէջ:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ այս տարուայ թիւով երրորդ Թարգմանչաց հանդիսութիւնը հրաւիրուած էր յատկապէս երկրորդական բաժամունքին համար: “Ֆարաճեան” սրահին մէջ կայացած հանդիսութեան ներկայ եղաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան:
Հանդիսութեան առանցքը կազմեց հայրենի մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի քնարերգական վաստակը, անոր ծննդեան 100-ամեակին առիթով : Բացման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի աշակերտուհի Սթեֆանի Պալթայեան դիտել տուաւ, որ “շատ ու շատ տարիներ կ'անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով մեր աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջել, նաեւ գոռալ՝ յանուն արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս սարի տուն դարձին”:
Հայր Անտոն ծ. Վրդ. Ադամեան բանախօսեց Յովհաննէս Շիրազի գրական վաստակին ու նկարագրին մասին, վեր բերելով անոր կենսագրութեան ամենայատկանշական կողմերը ՝ զուգահեռներ անցնելով բանաստեղծի կեանքին ու զայն ծնած ժողովուրդի ճակատագրին միջեւ: Բանախօսութիւնը ինքնին եղաւ շքեղ գովերգ մը հայոց վշտի ու պայքարի մեծ երգիչին, արժանաւորապէս մեծարելով հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւակը, որ սիրելի էր ու կը մնայ սիրելի՝ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Հայր Ադամեան իր բանախօսութեան մէջ կատարեց յատկանշական մէջբերումներ Շիրազի գրական վաստակէն եւ այդպիսով յաջողեցաւ ներկայացնել ամբողջական նկարագիրը Մասիսն ու Հայաստանը, Մեծ Եղեռնն ու պահանջատիրական պայքարը, Հայ մայրն ու հայութիւնը գեղեցկօրէն եւ անկեղծութեամբ երգած մեծ քերթողին;
Փակման խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Ադամեանին, իր բանախօսութեան ընդմէջէն ներկաներուն այնքան կարեւոր պատգամներ յղելուն համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հայոց նոր սերունդները հաւատարիմ ժառանգորդները պիտի ըլլան Յովհաննէս Շիրազին եւ իրականացնողներ՝ անոր անկատար մնացած երազներուն:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով Ազնիւ Փօլատեան ասմունքեց Շիրազի “Հայոց լեզուն” քերթուածը, իսկ Նարօտ Ադամեան (ջութակ) եւ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) նուագեցին երկու երաժշտական կտորներ “ Ալ այլուղ” եւ “Ազգ Փառապանծ”:
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
Տեղեկատուական գրասենեակ







All the contents on this site are copyrighted ©.