(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 26 հոկտեմբերին, Պրազիլի մէջ կայացած
նախահագական ընտրութիւններու արդիւնքով, Պրազիլի նախագահ վերընտրուեցաւ Տիկին Տիլմա
Ռուսէֆը, 51.64 առ հարիւր ձայն հաւաքելով։ Ան չորս տարի եւս պիտի կառավարէ երկիրը,
որ կը գտնուի տնտեսական հսկայական տագնապի դիմաց: